ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ուրբաթ, Մայիս 11ի յետմիջօրէին ընդունեց այցելութիւնը Քալիֆորնիոյ հայ երիտասարդաց միութեան վարչութեան ներկայացուցիչներուն:
Վարչութեան ներկայացուցիչները Ազգ. առաջնորդարան եկած էին՝ սրբազանը շնորհաւորելու համար վերընտրութեան առիթով։ Անոնք ընդհանուր գիծերու մէջ տեղեկութիւններ փոխանցած են միութեան աշխատանքերուն ու ծրագիրներուն մասին, յատկապէս՝ ուրախութեամբ անդրադառնալով երգչախումբի ելոյթներուն։
Առաջնորդը բարձր գնահատած է միութեան գործունէութիւնը եւ անոր նուիրեալները, որոնք կը ծառայեն մեր մշակոյթին ու ժողովուրդին։ Ան նաեւ գոհունակութիւն յայտնած է այն սերտ կապերուն համար, որոնք միութիւնը հաղորդ կը պահեն առաջնորդարանին հետ՝ մաղթելով, որ այս գործակցութիւնը շարունակուի նաեւ հետագային։