ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- «Մերտինեան» վարժարանի 30ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս, Շաբաթ, Ապրիլ 14ին տեղի ունեցած է այս յատկանշական տարեդարձին նուիրուած աշակերտական ձեռնարկ մը, որ նաեւ առիթ մը հանդիսացած է աշակերտներուն՝ իրենց տաղանդը ցուցադրելու վարժարանի մեծ ընտանիքին եւ բարեկամներուն:
Ձեռնարկը կազմակերպած յանձնախումբի ատենապետուհին էր Աշխէն Իսբեճեան, անդամներն էին՝ Թալին Պարսումեան, Սարին Գազանճեան ու Սօսի Մահսէրէճեան, իսկ ձեռնարկի հանդիսավարն էր Մերի Մկրտիչեան:
3րդէն 8րդ կարգերէն 68 աշակերտներ, ինչպէս նաեւ հինգ շրջանաւարտ աշակերտներ, մասկացած են ձեռնարկին, որուն բնաբանն էր՝ «Տարբեր մշակոյթներ զիրար կ՛ամբողջացնեն», ներկայացնելով Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Յունաստանի ժողովրդային տօնակատարութիւններու օրինակներ:
Միացեալ հայ ժողովական եկեղեցւոյ «Աւազեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին բացումը կատարած է վարժարանի երկարամեայ հայերէնի ու հայոց պատմութեան ուսուցչուհի Աշխէն Իսբեճեան, իսկ բացման աղօթքը՝ պատուելի Հայկ Տարագճեան, որմէ ետք աշակերտները յաջորդաբար բեմ բարձրանալով՝ ներկայացուցած են իւրաքանչիւր երկիրի աւանդութիւնները:
Աւարտին, վարժարանի շրջանաւարտներէն եւ ներկայիս նոր պաշտօնավարող ուսուցչուհի Թալին Պարսումեան փոխանցած է ուսուցչական կազմին խօսքը, որմէ ետք տնօրէնուհի Լինա Արսլանեան, բեմ բարձրանալով՝ շնորհակալութիւն յայտնած է աշակերտներուն եւ կազմակերպիչներուն: