![0518navasartianFlag Ceremony[1]](https://asbarez.com/App/Asbarez/arm/2012/05/0518navasartianFlag-Ceremony1.jpg)
ՏԱՐՈՒԱՆ ՏԻՊԱՐ ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆԻ ՏԻՏՂՈՍԸ ՇՆՈՐՀՈՒԵՑԱՒ
ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆԻՆ
Շաբաթ, 12 Մայիս 2012ի կէսօրէ ետք ժամը 3:30ին, Վեն Նայսի «Պըրմինկհամ Հայ Սքուլ»ի գլխաւոր մարզադաշտին վրայ, յատուկ հանդիսութեամբ բացումը կատարուեցաւ ամիսներով սպասուած ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 37րդ մարզախաղերուն:
Հանդիսութենէն առաջ, ժամը 2:45ին, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ կողքին զետեղուած խաչքարին առաջ օրհնուեցաւ «Նաւասարդեան»ի փոքր ջահը, նոյն եկեղեցւոյ հովիւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանի ձեռամբ: Արարողութեան ներկայ էին Շրջ. վարչութեան անդամներ՝ փոխատենապետ Փիեռ Մանուկեան եւ Նաւասարդեան աշխատանքներու պատասխանատու Վիգէն Տաքէսեան, Տիպար ՀՄԸՄականներ, մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ, ծնողներ, հիւրեր եւ մարզիկ-մարզկուհիներ:
Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանի կողմէ Նաւասարդեան փոքր ջահի օրհնութենէն ետք, Շրջ. վարչութեան փոխատենապետ Փիէռ Մանուկեան յանձնեց զայն շրջանի ՀՄԸՄի մասնաճիւղերը ներկայացնող մարզական խումբին, որ իր հերթին, ձեռամբարձ զայն փոխադրեց «Պըրմինհամ Հայ Սքուլ»ի մարզադաշտը, ուր տեղի ունեցաւ Նաւասարդեան մարզախաղերու բացման հանդիսութիւնը:
Ձեռնարկի հանդիսավարութիւնը լաւապէս կատարեց հաւատաւոր ՀՄԸՄական Սիւզի Օհանեան, որ նախքան պաշտօնական յայտագիրի սկսիլը, ներկաներէն խնդրեց վայրկեան մը յոտնկայս լռութեամբ յարգել յիշատակը մեզմէ առյաւէտ բաժանուած ՀՄԸՄական քոյր-եղբայրներուն:
Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ դրօշակի արարողութեամբ, զոր տպաւորիչ ձեւով կատարեցին ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի արի-արենոյշները՝ ՀՄԸՄի նուագախումբի թմբկահարներու ընկերակցութեամբ: Անոնք համաչափ քալուածքով եւ ինքնավստահ, ներկայացուցին Ամերիկայի, Հայաստանի, Արցախի, Քալիֆորնիոյ, ՀՄԸՄի եւ «Նաւասարդեան»ի դրօշները, որոնք Ամերիկայի, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄի քայլերգներու երգեցողութենէն ետք՝ զետեղուեցան իրենց որոշուած տեղերը:
Դրօշակի արարողութենէն ետք, հանդիսավար Օհանեան ողջունելով ներկաները, ընդգծեց Նաւասարդեան մարզախաղերու կարեւորութիւնը հայկական իրականութեան մէջ, եւ զանոնք շրջանի հայութեան հպարտանքը որակելով՝ ներկայացուց օրուան պաշտօնական հիւրերը, որոնց կարգին էին՝ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ներկայացուցիչ Կոմիտաս քհնյ. Թորոսեան, ՀՄԸՄի Կեդր. վարչութեան անդամ Վիգէն Դաւիթեան, ՀՕՄի Շրջ. վարչութեան փոխատենապետուհի Գարմէն Լիպարիտեան, 2011ի «Տիպար ՀՄԸՄական» Ռուբիկ Գիւրջեան, անցեալի Պատուոյ նախագահներ, Տիպար ՀՄԸՄականներ, մասնաճիւղերու վարչութիւններ, հիւրեր եւ բազմաթիւ ՀՄԸՄականներ:
Ապա, որոտընդոստ ծափողջոյններու ներքոյ, խումբ մը մարզիկ-մարզկուհիներ եկեղեցիէն ձեռամբարձ մարզադաշտ ներկայացուցին «Նաւասարդեան»ի օրհնուած փոքր ջահը եւ զայն յանձնեցին Շրջ. վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Աբրահամեանին, որ պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 37րդ մարզախաղերը՝ առաւել խանդավառելով արդէն իսկ ուրախ մթնոլորտը:
Ոգեւորիչ այս յայտարարութենէն ետք, Նաւասարդեան մարզախաղերու մասնակից բոլոր մարզկուհիներուն անունով, երդում կատարեց ՀՄԸՄի «Ազատամարտ» մասնաճիւղէն Ալիք Մարսէլեանը, իսկ մարզիկներու անունով՝ ՀՄԸՄի «Շան»չ մասնաճիւղէն Շանթ Օհանեանը: Անոնք ինքնավստահութեամբ խոստացան «Նաւասարդեան մարզախաղերու ընթացքին ցուցաբերել ՀՄԸՄականի մաքուր կեցուածք եւ ընկերական անկեղծ ոգի: Համագործակցիլ բոլորին հետ, հնազանդիլ մարզախաղերու օրէնքներուն եւ ՀՄԸՄի կանոնագիրին: Մի՛շտ հաւատարիմ մնալ ՀՄԸՄի «Բարձրացի՛ր, Բարձրացո՛ւր» նշանաբանին»:
Այնուհետեւ, Աբրահամեան ուրախութեամբ յայտարարեց անունը Նաւասարդեան մարզախաղերու պատուոյ նախագահութիւնը ստանձնած ծանօթ գործարար եւ բարերար տէր եւ տիկ. Գագիկ եւ Մատին Գէորգեաններուն, որոնք կամքէ անկախ պատճառներով՝ չէին կրցած ներկայ գտնուիլ Նաւասարդեան խաղերուի բացման հանդիսութեան:
Ապա, ան ներկայացուց տարուան «Տիպար ՀՄԸՄական»ը՝ յանձինս երկար տարիներու գործունեայ ՀՄԸՄական Մարօ Քէշիշեանի: Թէ՛ Պատուոյ նախագահի եւ թէ Տիպար ՀՄԸՄականի ներկայացումը մեծ ոգեւորութեամբ եւ երկարաշունչ ողջոյններով ընկալուեցաւ ներկաներուն կողմէ:
Մարօ Քէշիշեանին առիթ տրուեցաւ սրտի իր խօսքը փոխանցելու. ան առաջին հերթին իր շնորհակալութիւնը յայտնեց ընծայուած պատիւին համար եւ ընդգծեց, թէ ՀՄԸՄը հաւաքական աշխատանքի արդիւնք է, թէ ինք անոր մէկ փոքր մասնիկն է եւ թէ իրեն նման կան բազմաթիւ անհատներ, որոնք գնահատանքի արժանի են:
Քէշիշեանի համար ՀՄԸՄը դպրոց մըն է, որ շրջանաւարտ չունի եւ աշխատանքի առիթ կ՛ընծայէ բոլոր տարիքի անհատներու համար եւ ինք ուրախ է, որ կ՛անդամակցի ՀՄԸՄին, ուր սորված է համարձակութիւն եւ մանաւանդ ինքնավստահութիւն, որոնց շնորհիւ կը յաղթահարէ իր դժուարութիւնները: Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ՀՄԸՄին, որ իրեն առիթը ընծայած էր մասնակից դառնալու Հայաստանի մէջ ՀՄԸՄը վերընձիւղելու աշխատանքներուն, իսկ ներկայ պարգեւատրումը առաւել աշխուժութիւն տալով իրեն՝ խոստացաւ առաւել ոգեւորութեամբ շարունակել միութենական իր աշխատանքները:
Այնուհետեւ Գառնիկ Աբրահամեան փոխանցեեց Շրջ. վարչութեան պատգամը, ըսելով.
«Այս օրերին, համայն մարդկութիւնը տօնախմբում է մեր բոլորի շատ սիրելի Մայրերի տօնը, որոնց թւում են ընկնում այն մայրերը, որոնք ծնունդ են տուել Շուշին ազատագրող հերոս մեր ազատամարտիկներին: Այն ազատամարտիկներին, որոնք հիմքը հանդիսացան Արցախի անպարտելի բանակին, որի 20ամեակն է նշւում այս տարի: Ահա, պատմական գեղեցիկ իրողութիւններով սկսւում են Նաւասարդեան մարզախաղերը, տօնական օրի մը վերածելով նաեւ այս օրը՝ Մայիս 12ը»:
Նման երիտասարդական նախաձեռնութիւնները ՀՄԸՄի գոյատեւման նպաստող միջոցներ բնորոշելով, Գառնիկ Աբրահամեան վստահեցուց, թէ «մենք շարունակելու ենք հայրենիքից հեռու այս ափերում, եռագոյն դրօշի տակ համախմբել հայ երիտասարդութիւնը, որպէսզի կերտենք հայութեան փայլուն ապագան: Մեր սպասումն է, որ ՀՄԸՄի հոգածութեան յանձնուած երիտասարդութիւնն ալ, իր հերթին չհեռանայ ՀՄԸՄի շրջապատից, մնայ կարգապահ եւ հայրենասէր, որպէսզի շրջանի հայութիւնը շարունակէ իր զօրակցութիւնը ՀՄԸՄին՝ ոյժ եւ կորով փոխանցելով անոր»:
Հանդիսութեան վերջին բաժինով իր օրհնութիւնները փոխանցեց Կոմիտաս քհնյ. Թորոսեան, որ անդրադառնալով ՀՄԸՄի «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» կարգախօսին, յիշեցուց, թէ բարձրացնելու համար պէտք է սէր ունենալ սրտի մէջ, իսկ բարձրանալու համար՝ հեռացնել նախանձը մեր մէջէն: Ապա, բարձր գնահատելով ՀՄԸՄի առաքելութեան տարածումը ընդգծեց. «Սէրը, մեր կրօնի՝ քրիստոնէութեան հոգին է: ՀՄԸՄը մեր զաւակների հոգու մէջ սերմանում է սէր, սերմանում է համեստութիւն, ազնուութիւն, հայրենասիրութիւն եւ առողջ մտածելակերպ, առողջ մարմնի մէջ»:
Ապա, շնորհաւորելով ՀՄԸՄի բոլոր հովանաւորներն ու Տիպարները, գոհունակութիւն յայտնեց, որ Նաւասարդեան մարզախաղերը այս տարի եւս ունին պատուոյ նախագահ եւ Տիպար ՀՄԸՄական, որուն նուիրեալ աշխատանքին ինք ծանօթ է:
Բացման գեղեցիկ այս հանդիսութեան յաջորդեցին շրջանի աղջկանց եւ մանչերու հաւաքականներու մրցումները, որոնք նուիրուած էին Շրջանային վարչութեան վաղամեռիկ անդամ Ռիմա Աբեդի-Սաղրեանի յիշատակին: