![0518navasartianGagigand wife[1]](https://asbarez.com/App/Asbarez/arm/2012/05/0518navasartianGagigand-wife1.jpg)
ՀՄԸՄի Շրջ. վարչութեան գրասենեակէն կը հաղորդեն, թէ տէր եւ տիկ. Գագիկ եւ Մատին Գէորգեան սիրայօժար ընդունած են ստանձնել պատուոյ նախագահութիւնը՝ ՀՄԸՄի 37րդ Նաւասարդեան մարզախաղերուն: Գագիկ Գէորգեան նախագահն է Հայ Ոսկերիչներու Հիմնարկութեան եւ «Estet Jewelry House»ին: Ահա կատարելագործուած արհեստավարժ մը, որ աւելի քան 30 տարիներ ծառայելով գոհարեղէնի արդիւնաբերական մարզէն ներս՝ բացառիկ յաջողութիւններ արձանագրած եւ համաշխարհային ճանաչման արժանացած է:
Գագիկ Գէորգեան ծնած է Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւան, ուր նաեւ հասակ նետած եւ ուսում ստացած է: Շատ փոքր տարիքէն սկսած է աշխատելու իր հօրեղբօր՝ Երեւանի գոհարեղէնի աշխատանոցը: 1977ին սկսած է յաճախելու Գոհարեղէնի քոլեճի Ձեւաւորման եւ ադամանդ տաշելու բաժանմունքը: Աւելի ուշ, ան անդամակցած է Հայաստանի արուեստի հիմնարկին՝ իբրեւ ձեւաւորող:
Հայկական գոհարեղէնի աւանդութիւններուն արդէն իսկ ծանօթ Գէորգեան, առաւել մասնագիտանալու եւ զօրանալու համար իր մարզէն ներս, 1979ին կը փոխադրուի Մոսկուա, ուր կը դիմագրաւէ նոր իրականութիւններ, կը յաղթահարէ իր դէմ ցցուած դժուարութիւնները, յաջողութեան կը հասնի՝ ստեղծելով իր պայծառ ապագան:
Արդէն ինքնավստահ իր արհեստին մէջ, Գագիկ, իբրեւ մասնագէտ ձեւաւորող եւ ոսկեայ նուրբ գործերու նորոգող, կը միանայ Խորհրդային Միութեան Արուեստի հիմնարկին: Մոսկուայի մէջ ան շուտով մեծ յաջողութիւններու կը հասնի եւ 1991ին կը հիմնէ իր առաջին անձնական ընկերութիւնը՝ «Estet Jewelry House»ը, ապա՝ ընտանեկան փոքր գործարան մը, ուր տաղանդաւոր ոսկերիչներ կը ստեղծագործեն իրենց գոհարեղէնի գեղեցկագոյն նորաձեւութիւնները: Աւելի ուշ, այս գործարանը կը հանդիսանայ «Estet» վաճառանիշը, որուն վրայ կեդրոնանալով՝ Գագիկ արագօրէն կը հմտանայ գոհարեղէնի ճարտարութեան բոլոր գաղտնիքներուն: Այսօր այդ ընկերութիւնը Եւրոպայի գոհարեղէնի ճարտարարուեստի մեծագոյն կեդրոններէն մէկն է:
«Estet Jewelry House»ը, շուտով ռուսական նշանաւոր անուն դարձած է ամբողջ Եւրոպայի մէջ եւ դասուած է գոհարեղէնի գլխաւոր շուկաներէն մէկը՝ Ռուսիոյ մէջ:
Իր կենսագրութեան նոր եւ հետաքրքրական էջը կը բացուի 2009ին, երբ Ռուսիոյ մէջ կը հիմնէ եւ կը նախագահէ Հայ Ոսկերիչներու Հիմնարկութիւնը: Երկու տարիներու պաշտօնավարութեան ընթացքին կարող առաջնորդ մը հանդիսանալով՝ կը յաջողի մարդիկ համախմբել իր գաղափարներուն շուրջ: 2011ին միջազգային Հայ Ոսկերիչներու Հիմնարկութեան նախագահը դառնալով՝ կը սկսի իր ծրագիրները ի գործ դնելու:
Իր ղեկավարութեան ընթացքին կը սկսի հրատարակութիւնը Հայ Ոսկերիչներու Հիմնարկութեան միջազգային պարբերականին, իսկ 2011ին, Հիմնարկութիւնը շատ յաջող ցուցահանդէս մը կը կազմակերպէ Երեւանի մէջ, ինչ որ երկար տարիներու երազանքն էր Հայ Ոսկերիչներու Հիմնարկութեան բոլոր անդամներուն: Հայ ոսկերիչներու նոր հիմնարկութիւններ կը բացուին Հայաստանի, Չեխիոյ, Ռուսիոյ, Պելճիքայի, Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններու եւ Արժանթինի մէջ: Կը բացուի հիանալի կայքէջ մը, որ հաղորդակցութեան հոյակապ միջոց մը կը հանդիսանայ աշխարհի հայ ոսկերիչներու բոլոր հիմնարկութիւններու անդամներուն: Գագիկ Գէորգեան իր անձնական հաստատութեան նման հոգատար վերաբերում կը ցուցաբերէ հայ ոսկերիչներու հիմնարկութեանց:
Գոհարեղէնի դպրոցին բացումը իր կեանքի կարեւորագոյն ծրագիրներէն մէկն էր, զոր կարճ ժամանակամիջոցի մէջ իրականութիւն կը դարձնէ: Իր գլխաւորութեամբ, Դեկտեմբեր 2011ին, Հայ Ոսկերիչներու Հիմնարկութեան առաջին դպրոցը կը բացուի Մոսկուայի մէջ եւ այնուհետեւ, այս տարի, երեք այլ դպրոցներ՝ Արցախի, Երեւանի եւ Լոս Անճելըսի մէջ:
Իբրեւ հայ՝ Գագիկ միշտ ցանկացած է օգտակար հանդիսանալ իր հայրենիքին: Այսօր, Հայ Ոսկերիչներու Հիմնարկութիւնը աշխատանք կը տանի ստեղծելու ազատ տնտեսական գօտի մը Հայաստանի մէջ: Ան խորապէս կը հաւատայ, որ շատ հայեր միասնաբար կրնան յաջողիլ եւ ծաղկիլ:
Իր կեանքի մեծագոյն նուաճումը իր ընտանիքն է՝ իր կինը՝ Մատինը, եւ երկու զաւակները՝ Գայեանէն եւ Էդուարդը: Մատին Պապայեանը ծնած եւ հասակ նետած է Երեւանի մէջ, ուր նաեւ յաճախած է տեղւոյն արուեստի քոլեճը, ուրկէ վկայուելէ ետք՝ 1981ին, ամուսնացած է Գագիկի հետ: Մինչեւ 1999 թուական Մոսկուա ապրելէ ետք՝ փոխադրուած է Լոս Անճելըս: Անոնք հպարտ նոր անդամներն են ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին՝ իբրեւ պատուոյ նախագահ՝ 37րդ Նաւասարդեան մարզախաղերուն:
Կը շնորհաւորենք ՀՄԸՄի 37րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու պատուոյ նախագահ՝ տէր եւ տիկ. Գագիկ եւ Մատին Գէորգեանները, եւ բարի գալուստ կը մաղթենք անոնց՝ ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքէն ներս: