ՊԷՅՐՈՒԹ, «Էյ.Փի.».- Արդէն իսկ միացեալ ճակատ ներկայացնելու հարցով դժուարութիւններ դիմագրաւող Սուրիոյ կառավարութեան ընդդիմացող կողմերը Հինգշաբթի, Մայիս 17ին նոր հարուած մը ստացան, երբ Սուրիոյ ազգային խորհուրդին մէջ կարեւոր խմբակ մը հանդիսացող «Տեղական համակարգումի յանձնախումբեր»ը սպառնաց անջատուիլ խորհուրդէն՝ դժուարացնելով ընդդիմութեան նեցուկ կանգնելու Արեւմուտքի եւ Ծոցի արաբական կարգ մը երկիրներու ջանքերը:
Միւս կողմէ, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի յայտնեց, որ ներկայիս ջանքերը կեդրոնացած են Սուրիոյ մէջ ամբողջական զինադադարի ապահովման վրայ: Ան ըսաւ, որ տակաւին տագնապի քաղաքական լուծման առիթ գոյութիւն ունի եւ ոչ ոք Սուրիոյ մէջ զինուորական լուծում կը փափաքի:
Նաեւ, իրենց ինքնութիւնը բացայայտել չուզող աղբիւներ, «Ուաշինկթըն Փոս»չին յայտնած են, թէ ամերիկացի պաշտօնատարներ Ուաշինկթընի մէջ արեւելեան Սուրիայէն քրտական պատուիրակութեան մը հետ ունեցած են հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննուած է սուրիական բանակին դէմ նոր ճակատ մը բանալու կարելիութիւնը: