Նորին Վսեմութիւն Տիար Բակօ Սահակեան Նախագահ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան
Սիրելի՛ պրն. Նախագահ,
Այսօր, Չորեքշաբթի 9 Մայիսին, Շուշիի ազատագրութեան 20ամեակին առիթով, հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով ու ազգային վառ ապրումներով կ՛ողջունենք Ձեզ, ինչպէս նաեւ՝ Ղարաբաղի մեր ազատատենչ ժողովուրդը:

Այսօր յաղթանակի օր է. յաղթանակի օր՝ ո՛չ միայն Ղարաբաղի հայութեան, այլ նաեւ ամբողջ հայութեան համար: Շուշիի ազատագրումը վճռադրոշմ դէպք մըն էր հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէջ: Շուշիի ազատագրումով հայ ժողովուրդը անգամ մը եւս փաստեց թէ ինք տէ՛րն է իր իրաւունքներուն, եւ ի պահանջել հարկին՝ Վարդանանց ու Ղեւոնդեանց հաւատքին զօրութեամբ ու կամքին վճռակամութեամբ պատրաստ է «իմացեալ մահ»ով իր իրաւունքներուն վերատիրանալու եւ իր անկախութիւնը վերահաստատելու: Ա՛յս է խորհուրդը ու պատգամը Շուշիի ազատագրութեան:
Արդարեւ, յաղթանակները ձեռք կը ձգուին հերոսներու հաւատքով ու արիւնով: Այսպէ՛ս եղաւ նաեւ Շուշիի ազատագրումը: Մեր քաջարի տղաքը իրենց արեան վկայութեամբ կերտեցին Շուշիի յաղթանակը: Հետեւաբար, այսօր երբ կը տօնենք Շուշիի ազատագրութեան 20ամեակը, պէտք է խոր յարգանքով յիշենք մեր բոլոր հերոսները, որոնք ինկան ազատագրութեան ճանապարհին վրայ: Այսօր պէտք է նաեւ մեր համազգային յարգանքը ընծայենք այն բոլոր հերոսներուն, որոնք իրենց ամբողջական ու նուիրեալ մասնակցութիւնը բերին Շուշիի ազատագրումին:
Շուշիի ազատագրումը վճռական հանգրուան մըն է մեր ժողովուրդի ազատագրական պայքարի երկար ճանապարհին վրայ: Պայքարը կը շարունակուի ու պէ՛տք է շարունակուի վերանորոգ հաւատքով ու ամուր կամքով: Ղարաբաղի հզօրացումը համազգային առաջնահերթութիւն է: Անհրաժեշտ է արեան գնով ձեռք ձգուած նուաճումները պահել ու պաշտպանել՝ ի խնդիր նոր յաղթանակներու կերտման:
Սիրելի՛ պրն. Նախագահ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Ղարաբաղեան պայքարի առաջին իսկ օրէն իր ամբողջական զօրակցութիւնը արտայայտեց: Վստահ եղէք, որ այսօր նո՛յն յանձնառութեամբ մեր Սուրբ Աթոռը, իր թեմակալ առաջնորդներով, ազգային իշխանութիւններով ու ժողովուրդով Ղարաբաղին հետ է՝ բառին ամբողջական իմաստով:
Կ՛աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ միշտ պահպանէ ու պաշտպանէ Ղարաբաղը՝ իր պետութեամբ ու ժողովուրդով:
Աղօթարար՝
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ