ՖՐԵԶՆՕ.- Ֆրեզնոյի Չարլի Քէյեան Հայկական համագաղութային վարժարանի հոգաբարձութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ UCLA-ի յարկին տակ հաստատուած «Երազ Հիմնադրամ»ը (Dream Fund) 100,000 տոլարի յատկացում մը կատարած է վարժարանին։
Վարժարանը որոշած է այս գումարը տրամադրել գլխաւորաբար հինգ ծրագիրներ իրագործելու նպատակին՝ բարելաւելով դպրոցին կրթական մակարդակը:
Գումարին մեծ մասը պիտի տրամադրուի վարժարանի վարկաւորումը ապահովելու աշխատանքներուն, որուն համար տնօրէն Զար Տէր Մկրտիչեան արդէն իսկ գործի լծուած է կրթական տարեշրջանի սկիզբէն ի վեր:
Գումարը պիտի նպաստէ նաեւ վարժարանի երաժշտական ծրագիրներուն եւ արեւելահայերէնի դասաւանդման:
«Մեր երազները պիտի իրականանան «Երազ Հիմնադրամ»ին շնորհիւ: Հայկական վարժարաններուն նեցուկ կանգնելով՝ «Երազ Հիմնադրամ»ը կը շարունակէ «Լինսի» հիմնադրամին սկսած առաքելութիւնը», կը յայտնէ հոգաբարձութեան ատենապետ Վաչէ Վասիլեան: