ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցով Եւրոպական միութեան դերը տարբեր է ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ունեցած դերէն, «Պիզնըս Եիր» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերու գլխաւոր ներկայացուցիչ Քեթրին Էշթըն:
«Ես նշանակած եմ յատուկ ներկայացուցիչ, որ կ՛աջակցի բանակցային գործընթացին՝ այնքանով, որքանով այդ մէկը կ՛արտօնուի, ինչպէս օրինակ կողմերուն միջեւ վստահութեան միջոցներու ամրապնդման հարցն է», նշած է արտաքին քաղաքականութեան ներկայացուցիչը՝ աւելցնելով, թէ այս հանգրուանին Եւրոմիութիւնը պատրաստութիւններ չի տեսներ անմիջականօրէն ներգրաւուելու Արցախի տագնապի կարգաւորման գործընթացին մէջ:
Յայտնենք, թէ անցեալ տարի Էշթըն Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչի պաշտօնին նշանակած էր ֆրանսացի դիւանագէտ Ֆիլիփ Լըֆորը: