
ՍԹՈՔՀՈԼՄ.- Ապրիլ 23-27, Սթոքհոլմի կաթոլիկ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Շուէտի Հայկական ընկերակցութիւններու միութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին հետ համատեղ ներկայացուց «Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Սկանտինաւեան արձագանգը» խորագիրը կրող ժամանակաւոր ցուցահանդէսը:
Սոյն ցուցահանդէսը առաջին անգամ 2011ի Ապրիլին ներկայացած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ, աշխարհահռչակ նորվեկիացի բեւեռախոյզ, մարդասէր Ֆ. Նանսենի ծննդեան 150ամեակին առիթով:
2011ին պաշտօնական այցով Հայաստան այցելած Շուէտի եւ Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարարները, ինչպէս նաեւ 2011ի ընթացքին Սկանտինաւեան երկիրներէն ժամանած բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ ծանօթացած են ցուցադրութեան բովանդակութեան:
Սթոքհոլմի մէջ բացուած ցուցահանդէսը բաղկացած էր 11 հիմնական եւ 6 նոր ցուցատախտակներէ, որոնք կը ներկայացնէին Սկանտինաւեան դիւանագէտներու, քաղաքական գործիչներու եւ միսիոնարներու գործունէութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին: Յաւելեալ ցուցատախտակներու վրայ կը ներկայացուէին Պոլսոյ մէջ Շուէտի դեսպանատունէն ուղարկուած 12 դիւանագիտական զեկոյցներ, որոնց մէջ տեղեկութիւններ կը հաղորդուին հայ ժողովուրդի բնաջնջման մասին:
Ցուցահանդէսը այցելած է շուրջ 500 հոգի եւ անոր անդրադարձած են շուէտական հեղինակաւոր երեք թերթեր՝ «Svenska Dagbladet», «Dagen» եւ «Varlden idagy»:
«Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Սկանտինաւեան արձագանգը» խորագիրը կրող ժամանակաւոր ցուցահանդէսը պիտի ներկայացուի նաեւ Շուէտի տարբեր քաղաքներու, գրադարաններու, համալսարաններու եւ այլ հասարակական վայրերու մէջ: