ՄԻՇԸՆ ՀԻԼԶ.- Տարիներու աւանդութեանց հաւատարիմ մնալով՝ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի ՀԲԸՄի մասնաճիւղերը հովանաւորեցին «Արարատ տան» ամսական ճաշկերոյթը՝ նպաստելով տարեցներու տան ի նպաստ դրամահաւաքի աշխատանքներուն:
Երեքշաբթի, Ապրիլ 3ին կայացած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ «Արարատ տան» «Տէօքմէճեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ աւելի քան 300 հոգիի եւ հովանաւորութեամբ Էլիզապէթ Աղպապեանի ու Կրէյս Քիւրքճեանի, ի յիշատակ իրենց մօր՝ Ազնիւ Աբգարեանի, որ իր կեանքին վերջին վեց տարիները անցուցած էր «Արարատ տան» մէջ:
Հերմինէ Ճանոյեանի արտասանած բացման խօսքէն ետք, «Արարատ տան» 94ամեայ բնակիչ տիկին Տիրատուրեան կատարեց օրհնութեան աղթօքը, որմէ ետք համեղ ճաշին հետ, հիւրերը վայելեցին գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը՝ մասնակցութեամբ երեք երիտասարդ արուեստագէտներու՝ Հայկ Աբովեանի, Անի Սիմոնեանի ու Տիգրան Դանիէլեանի, որոնք սաներն են փրոֆ. Լեւոն Աբրահամեանի:
Ձեռնարկի հիւրերուն մէջ էր յայտնի ցեղասպանագէտ Վահագն Տատրեան, որ Լոս Անճելըս կը գտնուէր շարք մը դասախօսութեանց համար: