ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Էրզրումի մէջ գումարուած ու հայ-թրքական յարաբերութիւններուն նուիրուած «գիտաժողով»ը, Ուրբաթ, Մայիս 4ին իր աւարտին հասած է՝ իր եզրափակիչ յայտարարութեան մէջ պնդելով, թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը կարեւոր է ոչ միայն երկու երկիրներուն, այլ նաեւ ամբողջ Կովկասի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու համար:
Պատմական հարցերը լուծելու համար «համատեղ եւ վստահելի ուսումնասիրութիւններ կատարելու» առաջարկը կրկնելէ ետք՝ «գիտաժողովը» յոյժ կարեւոր նկատած է պատմաբաններու յանձնաժողով ստեղծելու մասին Հայաստանի պաշտօնապէս կատարուած առաջարկին իրագործումը:
Ցեղասպանութիւնը ուրացող «պատմաբաններ» մէկտեղած «գիտաժողովին» ընթացքին հնչած են այն պնդումները, թէ՝ դարերով Օսմանեան կայսրութեան մէջ խաղաղօրէն ապրած հայերը օտար պետութեանց խաղերուն զոհ գացած են եւ թէ 1915ի իրադարձութիւնները «ցեղասպանութիւն» կարելի չէ կոչել, որովհետեւ բոլոր հայերը չեն ոչնչացուած: