ԵՐԵՒԱՆ, «Ռատիոլուր».- ԵԱՀԿ երեւանեան գրասենեակի եւ Եւրոպական Միութեան ֆինանսական աջակցութեամբ Հայաստանին 1.7 միլիոն տոլար արժողութեամբ յատկացում կատարուած է՝ օժանդակելու aհամար Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք ընտրական երկու հանգրուաններուն: Այդ գումարով Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին աջակցութեամբ Հայաստանի մէջ արդէն կազմակերպուած են համապետական ուսուցման դասընթացներ՝ տեղամասերու ընտրական յանձնաժողովներու անդամներուն համար:
Այս դասընթացներուն լուրջ եւ մեծ յոյսեր կը կապեն թէ՛ ԵԱՀԿ երեւանեան գրասենեակի ղեկավար դեսպան Անտրէ Սորոքինը, թէ ԵՄ հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավար դեսպան Թրայեան Հրիսթէան, եւ թէ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆֆըրնը:
Անտրէ Սորոքինը յատկապէս լուրջ յոյսեր կը կապէ այս ընտրութիւններուն հազարաւոր թէ՛ տեղական, թէ՛ միջազգային դիտորդներու ներկայութեան: Տարբեր կուսակցութիւններ եւս, իրենց կարգին, դիտորդական առաքելութիւն պիտի իրականացնեն: Ըստ ԵԱՀԿ երեւանեան գրասենեակի ղեկավարին, նախորդ ընտրութիւններուն հետ բաղդատելով՝ զգալի է առկայութիւնը դրական մթնոլորտին ու զարգացումներուն՝ տարբեր մակարդակներու վրայ։ Այս մէկը ակնյայտ է: Մեզի համար, ի վերջոյ, առաջնային է ոչ թէ հարցերուն վրայ կեդրոնանալը, այլ դրական փոփոխութիւնները նկատելը, յայտնեց ան։
Ճոն Հեֆֆըրն մտավախութիւնները ունի թէ՛ ընտրողներու ցանկերուն մէջ հաւանական անճշդութեան, թէ ընտրական կաշառքներուն, եւ թէ այլ հարցերու գծով, բայց եւ այնպէս յուսադրիչ կը նկատէ Հայաստանի իշխանութեան, գլխաւոր դատախազութեան, Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի խոստումները՝ ընտրական կեղծիքներն ու խախտումները նուազագոյնի իջեցնելու գծով։
Օտար անձնաւորութիւններուն լաւատեսութիւնը աւելի կ՛ամրապնդուի Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող համապետական ուսուցման դասընթացներով, որոնց կը հետեւին 14 հազար անձեր:
Թրայեան Հրիսթէան եւս կ՛ակնկալէ, որ վերջ ի վերջոյ Հայաստանը եւս ժողովրդավարական երկիրներու շարքին իր տեղը գրաւէ եւ ընտրութիւններուն արդիւնքներուն նկատմամբ ոչ ոք կասկած ունենայ։ Ան դիտել տուաւ, որ եւրոպական կառոյցներ իրենց ջանքը կը թափեն, բայց եւ այնպէս Հայաստանի քաղաքացիին կը մնայ ուղղել ընտրութիւնները, հետեւիլ իր խիղճին եւ այդպէս քուէարկել։