Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուական վարչութիւնը յայտարարութիւն-մեկնաբանութիւն հրապարակած է 1991 թուականի Ապրիլի աւարտին-Մայիսի սկիզբը Ատրպէյճանի ներքին գործոց նախարարութեան յատուկ նշանակութեան ոստիկանական ջոկատներու (ՕՄՕՆ) եւ Խորհրդային Միութեան ներքին զօրքերու աջակցութեամբ կայացած «Կալցոյ» (Օղակ) լայնածաւալ ռազմական գործողութեան մասին։ Անիկա կը նպատակադրէր Խանլարի շրջանի Գետաշէն եւ Մարտունաշէն գիւղերուն, Շահումեանի, Հադրութի եւ Շուշիի շրջաններու որոշ գիւղերուն հայ բնակիչներու վտարման։
«1991թ. Ապրիլի վերջին-Մայիսի սկզբներին Ատրպէյճանի ՆԳՆ յատուկ նշանակութեան միլիցիայի ջոկատները՝ ՕՄՕՆը ԽՍՀՄ ներքին զօրքերի աջակցութեամբ սկսեցին պատժիչ գործողութիւններ, նպատակ ունենալով Լեռնային Ղարաբաղի եւ նրան յարակից հայաբնակ շրջաններից տեղահանել հայ բնակչութեանը:
«Իրականացուեց «Կալցոյ» լայնածաւալ ռազմական գործողութիւնը, որն ուղղուած էր Ատրպէյճանական ՍՍՀ Խանլարի շրջանի Գետաշէն եւ Մարտունաշէն գիւղերի, Շահումեանի, Հադրութի եւ Շուշիի շրջանների որոշ գիւղերի հայ բնակչութեան վտարմանը: Այդ գործողութեան հետեւանքով ամբողջովին դատարկուեցին, հիմնայատակ աւերուեցին կամ ատրպէյճանցիներով բնակեցուեցին տասնեակ հայկական բնակավայրեր:
«Բռնատեղահանուեցին տասնեակ հազարաւոր մարդիկ, սպանուեցին հարիւրաւոր հայեր: Իր ծայրայեղ դաժանութեամբ եւ մարդու իրաւունքների զանգուածային խախտումներով աչքի ընկած «Կոլցոյ» գործողութեան հետեւանքով էր հէնց, որ շեշտակիօրէն սրուեց լարուածութիւնը տարածաշրջանում, եւ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը տեղափոխուեց ռազմական հարթութիւն», գրուած է յայտարարութեան մէջ։ Հոն լուսարձակի տակ կ՛առնուի այն երեւոյթը, որ այս դէպքերը իրենց անդրադարձը ունեցած են միջազգային մամուլին եւ կազմակերպութիւններու փաստաթուղթերուն մէջ, լսումներու նիւթ եղած են Ռուսիոյ Գերագոյն խորհուրդի մարդու իրաւունքներու կոմիտէին կողմէ եւ գնահատուած Եւրախորհրդարանի եւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի բանաձեւերուն մէջ։
«Այդուհանդերձ, «Կալցոյ» ռազմական գործողութեան ընթացքում թոյլ տրուած յանցագործութիւններին համապատասխան քաղաքական եւ իրաւական գնահատական չի տրուել միջազգային հանրութեան կողմից, իսկ կազմակերպիչներն ու կատարողները մնացել են անպատիժ:
«Այն նախադէպ դարձաւ, որպէսզի Ատրպէյճան նոր ռազմական յանցագործութիւններ եւ անմարդկային գործողութիւններ իրականացնի հայազգի խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ: Ափսոսանքով պէտք է արձանագրել նաեւ, որ «Կալցոյ» ռազմական գործողութեամբ տեղահանութեան ենթարկուած ոչ մի հայկական գիւղ չի յիշատակւում ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման համար միջազգային դիտորդների կողմից առաջարկուող եւ ոչ մի փաստաթղթում», նշուած է Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութեան մէջ: