ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, Ապրիլ 19ին, առաւօտեան ժամը 10:30ին, մօտ տասը միլիոնէ աւելի բնակչութիւն ունեցող Լոս Անճելըս գաւառի Հանրային ընկերային ծառայութեանց բաժանմունքի (DPSS) Կլենտէյլի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան 97րդ տարելիցին նուիրուած տպաւորիչ ձեռնարկ մը։
Կլենտէյլի մէջ գործող այս կեդրոնը ունի շուրջ 550 պաշտօնեաներ, որոնց մեծ մասը հայ է։
Այդ օրը մեր հայրենակիցները, գլխաւորութեամբ՝ Ռիմա Յակոբեանսի եւ Վահագն Աբգարեանցի, պատրաստած էին աւուր պատշաճի ձեռնարկ մը՝ հայկական գիրքերու եւ նմոյշներու ցուցահանդէս եւ հիւրասիրութիւն, մեր նահատակներու հոգիներուն համար։
Ժամը 10:30ին, կեդրոնի հայ եւ ոչ-հայ պաշտօնեաներու ներկայութեան, ամերիկեան եւ հայկական օրհներգերու ունկնդրութենէն ու բացման խօսքէն ետք, ելոյթ ունեցաւ Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Մայք Անթոնովիչի ներկայացուցիչ Ռիթա Հաճիմանուկեանը, որ ցաւակցութիւն յայտնեց բոլոր հայերուն, իրենց Մեծ Ցաւին՝ Ցեղասպանութեան, օրուան առիթով եւ կազմակերպիչ մարմինին յանձնեց Լոս Անճելըս գաւառի հինգ վերահսկիչներուն կողմէ ստորագրուած հռչակագիր մը։
Օրուան բանախօսն էր UCLA-ի եւ Կլենտէյլ Քոլեճի դասախօսներէն՝ ծանօթ պատմաբան եւ օսմանագէտ Կարօ Մոմճեան։ Յարգելի բանախօսը շահեկան ելոյթ ունեցաւ՝ խորապէս գոհ ձգելով հայ եւ ոչ-հայ ներկաները։ Կարօ Մոմճեան խօսեցաւ հայ ժողովուրդի տառապանքներուն, ինչպէս նաեւ ամերիկեան եւ թրքական մտաւորականներուն կողմէ գրուած գիրքերուն մասին, եւ ծանրացաւ առաւելաբար հայ ժողովուրդի՝ ոչ միայն մարդկային կորուստին, այլ անշարժ եւ շարժուն կալուածներու եւ հարստութեանց, ինչպէս նաեւ անոնց վերատիրանալու իրաւական ձեւերուն վրայ։ Վերջաւորութեան, Կարօ Մոմճեան իր խօսքը լրացուց՝ կոչ ընելով ներկաներուն, որ նեցուկ եւ սատար հանդիսանան հայ ժողովուրդի արդար Դատի աշխատանքներուն։
Կեդրոնի տնօրէնուհի Ռոսա Օրոսքոյի փակման խօսքէն եւ հռչակագիրի ընթերցումէն ետք, բոլոր հայ պաշտօնեաները միաբերան եւ լիաթոք երգեցին «Կիլիկիա» մաղթերգը, ապա Տէրունական աղօթքով վերջ գտաւ այս ձեռնարկը, որուն ներկայ էր նաեւ Հանրային ընկերային ծառայութեանց բաժանմունքի շուրջ 10 կեդրոններու վարիչ Նենսի Տիազ:
æերմօրէն կը շնորհաւորենք Կլենտէյլի կեդրոնին մէջ այս ձեռնարկը կազմակերպող հայրենակիցները:
Յանձնախումբի անդամներն են՝ Ռիմա Յակոբեանս, Վահագն Աբգարեանց, Շաքէ Յովսէփեան, Աննա Խաչիկեան, Մասիս Կարապետեան, Հայկազ Օփոյեան, Ռաֆֆի Զաքարեան, Օտէթ Ուրուճեան եւ լուսանկարիչ Սարգիս Արապեան։
Հայ երգչախումբի անդամներն էին՝ Կարինէ Ղազարեան, Մարինէ Ալաճաճեան, Վարդուհի Գիլէճեան, Ռիմա Իսաղուլեան, Քաթրին Ղուկասեան, Ժիւլիէթ Բաղդասարեան, Լենա Նալպանտեան եւ մեներգիչ Սոնա Զատիկեան: