
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի (USC) Հայագիտական հիմնարկին կազմակերպած տարեկան ձեռնարկին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Ապրիլ 15ին, տէր եւ տիկին Ճերըլտ Թրբանճեանները խոստացած են 3 միլիոն տոլար նուիրել հիմնարկին:
Մօտաւորապէս հազար համակիրներու ներկայութեամբ տեղի ունեցած ձեռնարկին ընթացքին կատարուած նուիրատուութիւններուն շնորհիւ, Հայագիտական հիմնարկի հիմնադրամին գումարը հասաւ 7 միլիոն տոլարի:
Յայտնենք, թէ այս տարուան ձեռնարկին ընթացքին մեծարուեցան Հայկական Ցեղասպանութեան վկայութիւնները թուայնացնելու ծրագիրին նախաձեռնած Հայկական շարժապատկերի հիմնարկը եւ նոյն համալսարանին մէջ գործող «Շօա» հիմնարկը, որուն հիմնադիր Սթիվըն Սփիլպըրկ, ձեռնարկին ընթացքին տեսաերիզի վրայ արձանագրուած ելոյթ մը ունեցաւ:
Ձեռնարկին ընթացքին յետմահու մեծարուեցան նաեւ Հայկական շարժապատկերի հիմնարկի հանգուձեալ հիմնադիր Մայքըլ Յակոբեանը, ինչպէս նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան արհաւիրքը լուսանկարած Արմին Վենկըրը: