
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Երկուշաբթի, Ապրիլ 9ին, Լոս Անճելըս գաւառի Դեմոկրատ կուսակցութեան վարչութիւնը առաջին անգամ ըլլալով վաւերացուցած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը, որ պատրաստուած էր Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայ դեմոկրատներ կազմակերպութեան կողմէ, որ Լոս Անճելըս գաւառի Դեմոկրատ կուսակցութեան մօտ պաշտօնապէս արձանագրուած կազմակերպութիւններէն մէկն է:
Բանաձեւէն օրինակներ ղրկուած են Սպիտակ տուն, Քալիֆորնիոյ Դեմոկրատ կուսակցութեան, ինչպէս նաեւ քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆի, Պրետ Շըրմընի, Հաուըրտ Պըրմընի եւ Հենրի Ուեքմընի:
Բանաձեւին մէջ նաեւ կը շեշտուի, թէ Դեմոկրատ կուսակցութեան նահանգային կեդրոնական կոմիտէն պէտք է աւելի մօտէն ծանօթանայ Հայկական Ցեղասպանութեան մանրամասնութեանց եւ պատմական այս իրողութիւնը ուրանալու նպատակով Թուրքիոյ իշխանութեանց տարած ջանքերուն: