
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, Մայիս 31ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ (222 East Harvard Street) տեղի պիտի ունենայ դոկտ. Ռոզմերի Յարութիւնեան-Քոհընի «The Mother of Jerusalem is Crying» հատորին ներկայացումը:
Հատորը անգլերէնով պիտի ներակայացնէ լրագրող Արի Նունըն, ապա տեղի պիտի ունենայ կարծիքներու փոխանակում՝ մասնակցութեամբ հեղինակին, որ նաեւ պիտի մակագրէ հատորէն օրինակներ:
Գործը պատմական վէպ մըն է, որուն իրադարձութիւնները կը սկսին 19րդ դարուն, Հայաստանի մէջ, որ այդ ժամանակ թրքական տիրապետութեան տակ կը գտնուէր, ու կը հասնին մինչեւ Համաշխարհային Բ. պատերազմի եւ Իսրայէլի հիմնադրութեան օրերը՝ կեդրոնանալով քրիստոնեաներու, հրեաներու եւ իսլամներու գոյակցութեան կարելիութեան վրայ:
Մուտքը ազատ է: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 548-3288 թիւին կամ
egrigorian@ci.glendale.ca.us հասցէին: