ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Չորեքշաբթի, Ապրիլ 18ին, Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարան այցելեց հայրենի հանրածանօթ մտաւորական Գարեգին Չուքասզեան: Տնօրէն Կրէյս Անտոնեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք, բացատրեց ա-շակերտներուն, թէ Չուքասզեան արդիական միջոցներու օգտագործումով՝ կը փորձէ հայ մշակոյթի կարեւոր տուեալները մէկտեղել ու պահպանել:
Չուքասզեան աշակերտներուն ներկայացուց իր պատրաստած DVD/CD-ները՝ Կոմիտաս վարդապետին նուիրուած, իսկ աշակերտները ունկնդրեցին Կոմիտասի կարգ մը ստեղծագործութիւնները՝ համակարգչային գրատախտակի վրայ գրուող այդ երգերու բառերով, եւ այդ ձեւով նաեւ երգելով քանի մը երգ:
Ապա, Չուքասզեան ներկայացուց աշխարհահռչակ յօրինող Արամ Խաչատրեանի ու բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի նուիրուած իր գործերը՝ աշակերտներուն ցուցադրելով լուսանկարներ եւ հրամցնելով ձայնային արձանագրութիւններ: Ան ներկայացուց նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած սեղմ սկաւարակին (CD) մանրամասնութիւնները:
Աշակերտներն ու ուսուցիչները շնորհակալութիւն յայտնեցին Չուքասզեանին, իսկ անոր ընկերակցած Թոնի Մորոյեանը վարժարանին նուիրեց Չուքասզեանի պատրաստած DVD/CD-ներէն օրինակներ: