
«System of a Down» խումբի ղեկավար, յայտնի երգիչ Սերժ Թանգեան հրապարակած է Յուլիսին ակնկալուող իր յաջորդ ալպոմի երգերէն մէկուն՝ «Figure It Out»ի, տեսաերիզը:
«Հարաքիրի» ալպոմին մասին արտայայտուելով՝ Թանգեան ըսած է. «Այդ ալպոմը տարբեր է իբրեւ մենակատար իմ նախապէս արտադրած գործերէս: Անոր մէջ աւելի շատ շարժում կայ, ինչպէս նաեւ՝ 80ականներու երաշժտութենէն տարրեր»:
Յիշեցնենք, որ Թանգեան, «System of a Down»ին հետ արտադրած գործերուն կողքին ունի նաեւ «Elect the Dead» (2007) եւ «Imperfect Harmonies» (2010) ալպոմները: