
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Մանկական գիրքերու հեղինակ Փիթըր Լերանկիս Շաբաթ, Ապրիլ 18ին «Շամլեան» վարժարան այցելեց՝ հետաքրքրական, դաստիարակչական եւ ծիծաղաշարժ հանդիպում մը ունենալով վարժարանի 3էն 5րդ դասարանի աշակերտներուն հետ ու անոնց հետ բաժնելով իր պատմութիւններէն հատուածներ: Ան նաեւ պատասխանեց աշակերտներու հարցումներուն եւ մակագրեց իր գիրքերէն օրինակներ: