ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երեքշաբթի, 1 Մայիսի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս հովուապետական այցելութեամբ մեկնեցաւ Արաբական Էմիրութիւններ: Վեհափառ հայրապետը Արաբական Էմիրութիւններ պիտի մնայ մէկ շաբաթ եւ պիտի նախագահէ Շարժայի, Տուպայի ու Ապու Տապիի մէջ տեղի ունենալիք եկեղեցական ու համայնքային ձեռնարկներու: Վեհափառին Արաբական Էմիրութիւններ այցելութեան հիմնական նպատակը Ապու Տապիի մէջ նոր եկեղեցւոյ մը հիմնարկէքն է:
Ապա հայրապետը պիտի մեկնի Իրանի Իսլամական հանրապետութիւն, ուր պիտի մնայ շուրջ երեք շաբաթ: Ան յաջորդաբար պիտի այցելէ Թեհրանի, Սպահանի ու Ատրպատականի թեմերը եւ պիտի նախագահէ հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն: Այս առիթով նաեւ պիտի գումարուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու Իրանի Իսլամական հանրապետութեան միջեւ շուրջ տասը տարիներ առաջ սկսած միջ-կրօնական երկխօսութեան նուիրուած համագումարը: