ՊԷՅՐՈՒԹ.- Երկուշաբթի, 30 Ապրիլի երեկոյեան, Պիքֆայայի վանքի մեծ սրահին մէջ մեծարուեցաւ արուեստագէտ Զաւէն Խտըշեան: Համազգայինի նախաձեռնութեամբ ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայութեան կազմակերպուած սոյն ձեռնարկին բացումը կատարեց բանաստեղծ, մտաւորական Սարգիս Կիրակոսեանը, որ հայերէնով եւ ապա արաբերէնով արտասանած իր ողջոյնի խօսքերով վեր առաւ արուեստագէտ Զաւէն Խտըշեանի ստեղծագործական արժանիքները:
Ապա հիւր բանախօս, ծանօթ արուեստաբան-քննադատ Ֆայսալ Սուլթան արաբերէնով դրուատեց Խտըշեան արուեստագէտը՝ բաղդատական մը ներկայացնելով հայ եւ լիբանանցի ժողովուրդներուն կողմէ թրքական բռնատիրութեան դէմ մղուած պայքարին, յատկապէս՝ արուեստի ընդմէջէն, ինչպէս Պէյրութի կեդրոնը լացող երկու լիբանանցի օրիորդներու յուշարձանը, որ յետագային փոխարինուեցաւ Նահատակաց յուշարձանով: Ֆայսալ Սուլթան բարձր գնահատեց Խտըշեանի արուեստը:
Խօսք առաւ նաեւ Հայկական երեսփոխանական խմբակի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ թուելէ ետք Լիբանանի թէ այլուր Խտըշեանի արուեստի գլուխ գործոցները՝ «հպարտ ենք քեզմով, դուն մեզի հպարտութեան առիթ տուիր», ըսաւ: Բագրատունի յայտնեց, որ Խտըշեանի ստեղծագործած Պիքֆայայի յուշարձանը ինքնին հիմնական պատճառ է, որ անոր արուեստը յաւերժանայ:
Իր կարգին, Արամ Ա. կաթողիկոս իր սրտի խօսքը փոխանցեց՝ մեծապէս դրուատելով Խտըշեան արուեստագէտը, որ հակառակ պարզ ու համեստ հայ մը ըլլալուն՝ իր ստեղծագործութեամբ յաւերժացուցած է հայութեան ազգային տենչերը:
Վեհափառը այս առիթով Պիքֆայայի յուշարձանի «լանջ»ին «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պատուեց մեծարեալը:
Այս առիթով, Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի նուագախումբի պատանի արուեստագէտները իրենց երաժշտական ելոյթով յաւելեալ հմայք տուին ձեռնարկին՝ ղեկավարութեամբ Կարօ Աւէսեանի եւ մենակատարութեամբ Նարօտ Սուրճեանի: Նուագախումբը դասական հայ թէ օտար երաժշտութենէն գործեր ներկայացուց: