ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- ՀՅԴի ներկայացուցիչները 3 Մայիսին հանդիպում ունեցան Հայաստանի գործարարներուն հետ, ինչպէս նաեւ անոնք պատասխանեցին ներկայ լրագրողներուն հարցումներուն՝ շեշտը դնելով Դաշնակցութեան ծրագիրին մէջ առեւտուր բնագաւառի վերաբերող բաժինին վրայ։
Ռազմիկ Դարբինեանը Երեւանի միսի արդիւնաբերական ընկերութեան գլխաւոր տնօրէնն է: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ կայացած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ անդամ գործարարը նշեց, որ հիմնական խնդիրներու շարքին մէջ առանցքային են ոչ միայն բարձր հարկերն ու վարկերը, այլեւ համատարած դիւանակալական քաշքշուկը. «Մի թղթի համար մի տասը տեղ պիտի գնաս: «Մի պատուհանը» չի գործում»:
Առեւտրական կառավարման բնագաւառի յաւելեալ արժէքի տուրքի խորհրդատուական ընկերութիւն գործադիր տնօրէն Արթուր Խաչատրեան մեծ հարց կը նկատէ միջավայրի անկանխատեսելիութիւնն ու անորոշութիւնը, ինչպէս նաեւ հարկային բեռը: Անոր համաձայն, առեւտուրի մարզին աջակցութեան գծով կառավարութեան գործողութիւնները թուղթի վրայ կը մնան:
«Օրէնքները, գերատեսչական որոշումները, որոնք ազդեցութիւն ունեն պիզնեսի վրայ, շատ յաճախ փոփոխւում են: Դա կարող է լինի ամենաբարձր մակարդակի օրէնքի փոփոխութիւն, եւ դա կարող է լինի ուղղակի հարկային հաշուետուութեան ներկայացման ձեւաթղթի փոփոխութիւն, բայց այդ ամէն ինչը բերում են լրացուցիչ անորոշութիւն բիզնես միջավայրի մէջ, ինչն է՛լ աւելի է մեծացնում ռիսքը, որ իր վրայ կլանում է պիզնեսը», ըսաւ Խաչատրեանը:
Անոր համաձայն, գործարարները մնայուն կերպով կը բողոքեն փտածութեան եւ խտրական մօտեցումներուն դէմ։ «Հարկային բեռը շատ է եւ անարդար է բաշխուած Նաեւ խօսում են կոռուպցիայի մակարդակից, որ չափազանց մեծ է, որը դրսեւորւում է հէնց այդ հարկային եւ մաքսային բեռի անհաւասարաչափ բաշխման մէջ: Բաւական մեծ դժգոհութիւն կայ ֆինանսների առկայութիւնից: Կարճ ասած՝ թանկ է. մինչեւ 24 տոկոս վարկ կարող է լինել: Վարկ ստանալը բաւականին բարդացուած պրոցեդուրա է»:
Խորհրդատուական ընկերութեան ղեկավարը Դաշնակցութեան համակիրն է: Քաղաքական ուժերու նախընտրական ծրագիրներէն իրեն համար լաւագոյնը Դաշնակցութեան ծրագիրն է, յատկապէս այն մասերը, որոնք կը վերաբերին առեւտուրի վարկաւորման ու արտածումը քաջալերելու դրութեան։
Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները գործարարներուն հետ կայացած հանդիպման ընթացքին անդրադարձան նաեւ ծրագիրի այս մասին ու անոր առնչուող մանրամասնութիւններուն:
Կուսակցութեան ներկայացուցիչ Արա Նռանեանը նշեց, որ պէտք է ստեղծել տնտեսութեան այլ դրութիւն մը, որ զարկ տայ տեղական արտադրանքին ու անոր արտածման: Դաշնակցականները նաեւ մտադիր են վարկաւորման տեսքով խթանել տնտեսութեան տարբեր ոլորտները:
Նռանեան ըսաւ, թէ թիւր կարծիք է, որ իրենց նախընտրական ծրագիրը գումար ծախսելու ծրագիր է. «Բոլոր նրանց, ովքեր այսօր կասկածի տակ են դնում Դաշնակցութեան ծրագիրը, ըստ էութեան, պաշտպանում են կառավարութեան կողմից վարուող քաղաքականութիւնը եւ, ըստ էութեան, արդարացնում են քաղաքացիների արտագաղթը»:
Դաշնակցութիւնը մտադիր է արտասահմանեան ընկերութիւնները բերել Հայաստան: Նռանեանի գնահատականներով, 1990ականներէն ետք իշխանութիւններու կողմէ անբարենպաստ միջավայր ստեղծելու պատճառով Հայաստանը դուրսէն ներդրումներ չէ ստացած:
Դաշնակցութեան համամասնական ցանկը գլխաւորող Վահան Յովհաննիսեանը յայտարարեց, որ տնտեսութեան անմխիթար վիճակը պէտք է փոխուի հիմնովին՝ «գլխիվար, յեղափոխական ճանապարհով»:
Դաշնակցութիւնն իրատեսական կը նկատէ պետական պիւտճէի եռապատկումը, առնուազն 200 հազար նոր աշխատատեղիներու ստեղծումը, համախառն ներքին արդիւնքի կրկնապատկումը: