
Գիտենք, որ որեւէ կառավարութեան մը վրայ ազդելու եւ պահանջներ ներկայացնելու համար, քաղաքական ուժ պէտք է ունենալ, այլ խօսքով՝ հազարաւոր քուէներ ըլլալու են:
Լոս Անճելըսի եւ որոշ չափով Քալիֆորնիոյ մէջ, հայերը բաւական քաղաքական ուժ են, որովհետեւ հազարաւոր քուէարկողներ ունինք: Բայց անդին, կան այլ հազարաւոր հայեր, որոնք քուէարկելու չեն արձանագրուիր, կամ չեն քուէարկեր: Եթէ անոնց վրայ աւելցնենք նաեւ 5 տարի կամ աւելի «Կրին քարտ» ունեցողները, որոնք Ամերիկայի քաղաքացի չեն դարձած, թիւը շատ աւելի բարձր կ՛ըլլայ:
Արդեօք կարելի չէ՞ որ հայ միութիւնները եւ հայ կեդրոնները լայնածաւալ արշաւի մը սկսին՝ արձանագրելու համար քուէարկելու իրաւունք ունեցող բոլոր հայերը:
Սիրով եւ յագանքով՝
ՎԱՐՈՒԺԱՆ Խ. ԳՐԱՃԵԱՆ