ՄԱՐԻԷԹ ՄԻՆԱՍԵԱՆ-ՕՀԱՆԷՍ
Չորեքշաբթի, Ապրիլ 4ին, կազմակերպութեամբ Պոլսահայ միութեան մշակութային յանձնախումբին, դասախօսական երեկոյ մը կայացաւ միութեան «Հրանդ Տինք» սրահին մէջ, ուր հրաւիրուած էր գիտնական, Հայոց Ցեղասպանութեան պատմաբան եւ «Զօրեան» հաստատութեան Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեանց բաժինի տնօրէն փրոֆ. Վահագն Տատրեան՝ դասախօսելու համար ««Իթթիհատ եւ Թերաքքի» կուսակցութեան դերը Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ» նիւթով:
Բացման խօսքը կատարեց մշակութային յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան, որ փրոֆ. Տատրեանի կենսագրականը կարդալէ ետք, հրաւիրեց զայն, որ իր դասախօսութեան սկսի:
Բանախօսը նշեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը երկու հանգամանք ունի. մին՝ քաղաքական ճակատով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման տրուելիք արդար հատուցումներ, իսկ երկրորդը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան վերլուծումը, որուն մասին ան խօսեցաւ իբրեւ ակադեմական անձ:
Փրոֆ. Տատրեան յայտնեց, թէ «Իթթիհատ եւ Թերաքքի» կուսակցութեան պարտադրուած եւ Ա. Աշխարհամարտէն վեց ամիս առաջ ստորագրուած հայկական բարենորոգումներու համաձայնագիրը, Մեծ Աղէտը փութացնող ազդակ մը հանդիսացաւ: «Առանց չափազանցութեան, կարելի է ըսել, որ քաղաքական բարգեկարգումներու այս փափուկ հանգրուանը հայերը մահուան դատապարտող «հրովարտակ»ի մը համազօր նշանակութիւն ունէր: Համահաւասար իրաւունքներ, ապա կիսաչափ ինքնավարութիւն եւ վերջապէս ամբողջական ինքնավարութիւն կարգախօսներով համակուած Պալքանեան նախատիպը անգամ մը եւս չհանդուրժելու իթթիհատական վարիչներուն կամքը՝ նոր վճռականութեան մը հասաւ: Այսինքն, հարցը մեթոտիկ եւ արմատական ձեւով մը լուծելու համար, հարկ եղած պայմանները պէտք էր ստեղծել: Արմատական լուծում մը որոնել՝ որ կը նշանակէ ընդգրկել Ապտիւլ Համիտի բանաձեւը, այսինքն՝ Հայկական Հարցը լուծելու համար հարկ է ոչնչացնել հայերը»:
Ըստ Տատրեանի՝ այս յախուռն յանդգնութեան ետին թաքնուած ամենակարեւոր ազդակը Համիտի շրջանին գործուած ջարդերուն անպատիժ մնացած ըլլալն է: Այս իսկ պատճառաւ, անկարելի է լրիւ ըմբռնել Ա. Աշխարհամարտին գործադրուած Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Տատրեան շեշտեց կեղծաւոր քաղաքականութիւնը Թաէլաթ փաշային, որ մէկ կողմէ հայերը ջարդել կը հրահանգէր, իսկ միւս կողմէ՝ իբրեւ թէ բարեացակամ գտնուելով ու «հաց, միս եւ ուտելիք տուէք» ըսելով՝ հեռագիրներ կ՛առաքէր: Ըստ բանախօսին՝ Մեծ պատերազմին պայթումով, նշեալ լուծումին համար նպատակայարմար պայմաններ ստեղծուեցան: Իթթիհատականներու վարչական ձեռնհասութիւնը եւ ռազմաճակատներու վրայ դարբնուած թուրք բանակի մարտական ոգին այդ լուծումին համար հարկաւոր գլխաւոր խարիսխներն էին:
1919էն 1922 տեւող դատավարութեանց մասին, Տատրեան ըսաւ. «Բարձր մակարդակի պետական ղեկավարներու եւ կառավարական ղեկը ձեռք առնող կուսակցութեան մը անդամներուն՝ Օսմանեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով քրէական դատական հետապնդումի ենթարկուիլը, շատ կարեւոր երեւոյթ մըն էր: Նոյնպէս, ուշագրաւ էր, որ թուրք հեղինակաւոր մարդիկ, ի նպաստ հայ զոհերուն վկայութիւններ տալով՝ պահանջեցին, որ կեդրոնէն ղեկավարուած ոճրագործութիւններու յանցագործները ըստ արժանւոյն պատժուին: Նոյնպէս, պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, բարձրաստիճան քաղաքական եւ զինուորական շատ անձնաւորութիւններ, անտեսելով որոշ առկախ վտանգներ՝ կամաւոր կերպով յանձնառու եղան հայ զոհերուն ի նպաստ վկայութիւն տալու»:
«Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին անլուծելի մնալը այսքան տարիներէ ի վեր մեր մեծ ցաւ եղած է: Աշխարհի մէջ քիչ կը պատահի որ ոճրագործ մը ոճիր գործած ըլլայ ու ազատ մնացած կամ կամաւոր կերպով այդ ոճիրը ընդունած ըլլայ: Բախտաւոր ենք, որ շնորհիւ պատերազմական ատեանին՝ ձեռք ձգուեցան փաստեր, որոնց մեծ մասը հրատարակուեցան կառավարական պաշտօնական թերթերուն մէջ, որոնք իբրեւ հիմնաքար կը ծառայեն: Այս փաստերուն արխիւները կը գտնուին Երուսաղէմի պատրիարքարանի գրադարանին մէջ», աւելցուց ան: Բանախօսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հարց-պատասխանի պահ ու պատշաճ հիւրասիրութիւն: