«Մոնթրոզ Փեչ» թերթը կը տեղեկացնէ, թէ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ Երկուշաբթի, Ապրիլ 23ին ներկայ եղած է եւ խօսք մը արտասնած Լոս Անճելըսի Հայ Քոյրերու վարժարանի աշակերտութեան կազմակերպած Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկին, որուն ընթացքին Քրեսենթա հովիտի քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ Շերըլ Տէյվիս շրջանի հայութեան յանձնեց Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող հռչակագիր մը, որուն մէջ կը շեշտուի, թէ Ապրիլ 24, 2012ը Հայկական Ցեղասպանութեան յիշատակութեան օր է Քրեսենթա հովիտի տարածքին:
Վարժարանի ոգեկոչման ձեռնարկին ներկայ եղած է նաեւ Քրեսենթա հովիտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Հերի Լիոն, ինչպէս նաեւ շրջանի ՀՅԴ կոմիտէութեան ատենապետ Արիկ Գէորգեան:
Ելոյթ ունեցողները շեշտած են Ցեղասպանութեան զոհերուն յարգանք մատուցելու եւ Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու աշխատանքներուն կարեւորութիւնը, որպէսզի ապագային կարելի ըլլայ նման ոճիրներու կրկնութեան առաջքը առնել: