
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Շաբաթ, 28 Ապրիլ 2012ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Մալթայի դեսպան Շարլ Հանրի Տարակոն: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի առնչուած շարք մը հարցեր: Վեհափառ հայրապետը դեսպանին պարզեց իր պատկերացումը՝ Միջին Արեւելքէն ներս Քրիստոնեայ-Իսլամ գոյակցութիւնը աւելի ամրապնդելու ձգտող: Այս առիթով վեհափառը նաեւ անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան ու պահանջատիրութեան, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան: