ԳԱՀԻՐԷ.- Հայոց Ցեղասպանութեան 97րդ տարելիցին ա-ռիթով, «Յուսաբեր» Երիտասարդաց միութեան կազմակերպութեամբ, Երեքշաբթի, 24 Ապրիլի երեկոյեան, Հելիոպոլսոյ «Յուսաբեր» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ հսկումի երեկոյ մը, որուն ընթացքին ցուցադրուեցաւ «Տը Լարք Ֆարմ» ժապաւէնը:
Շուրջ 100 մասնակիցներու կողքին ներկայ էին Եգիպտահայ թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեան, «Յուսաբեր»ի ներկայացուցիչ Պետրոս Մխտիկեան եւ «Յուսաբեր» մշակութային ընկերակցութեան ատենապետ բժշկ. Սուրէն Պայրամեան:
Ակումբի մուտքի աստիճաններուն վրայ զետեղուած էին մոմեր եւ միութեան անդամներուն կողմէ պատրաստուած Ծիծեռնակաբերդի օրինակ մը՝ իր յաւերժական կրակով, ուր մուտք գործողը ծաղիկ կը զետեղէր՝ ի յիշատակ զոհերուն:
Ներկաները ողջունեց Նանոր Զօհրապեանը, որ ներկայացուց գեղարուեստական յայտագիրն ու անոր հետեւող ժապաւէնը:
Փոքր հիւրասիրութենէ մը ետք ներկաները դիտեցին իտալացի յայտնի եղբայրներ Բաօլօ եւ Վիթորիօ Թաւիանիներու պատրաստած՝ Արսինէ Խանճեանի եւ Բազ Վեկայի խաղարկութեամբ «Տը Լարք Ֆարմ» ժապաւէնը: