
Արեւմտեան թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը, որ իր 40րդ նստաշրջանը գումարեց Ուրբաթ եւ Շաբաթ, Ապրիլ 20-21ին, իր առաջին օրուան նիստերու աւարտին, հինգերորդ քառամեակի մը համար միաձայնութեամբ առաջնորդ վերընտրեց Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը։
Ժողովը, քննարկելէ ետք առաջնորդին, Կրօնական ժողովին ու Ազգ. վարչութեան միամեայ գործունէութիւնը՝ այդ մասին «յոյժ գնահատելի» բանաձեւ որդեգրեց։
Ընտրութեան նիստի աւարտին, առաջնորդը, հոգեւորականաց դասուն ու ժողովականներու թափօրով ուղղուեցաւ «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատուռը, ուր աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, շնորհակալութեան ու երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Արամ Ա. կաթողիկոսին ու երեսփոխանական ժողովին՝ վերընտրութեամբ արտայայտուած վստահութեան համար, եւ բոլորը հրաւիրեց գործակցական աշխատանքը համերաշխօրէն շարունակելու ուխտի վերանորոգման։
Իսկ Շաբաթ, 21 Ապրիլի նիստի աւարտին, Ազգ. երեսփոխանական ժողովը նմանապէս միաձայնութեամբ ընտրեց Կրօնական ժողովի ու Ազգային վարչութեան նոր կազմերը։
Կրօնական ժողովի անդամ ընտրուեցան հետեւեալ հոգեւորականները. Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեան, Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան, Վազգէն քհնյ. Աթմաճեան, Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան, Արտակ քհնյ. Տէմիրճեան եւ Աշոտ քհնյ. Գամպուրեան:
Ազգային վարչութեան անդամ ընտրուեցան հետեւեալ ազգայինները. Ռիմա Պօղոսեան (վերընտրուած), Ճորճ Չօրպաճեան (վերընտրուած), Թորոս Քէչէճեան (վերընտրուած), Վահան Պզտիկեան (վերընտրուած), Սագօ Շիրիքեան (վերընտրուած), Պիլ Սաաթճեան (վերընտրուած), Անի Մկրտիչեան-Գարիքեան, Մհեր Տէր Յովհաննէսեան, տոքթ. Նաւասարդ Գազազեան, տոքթ. Միսաք Պարսամեան եւ տոքթ. Տիգրան Պապիկեան: