Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը անգամ մը եւս դատապարտեց այն իրողութիւնը, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա դարձեալ յստակօրէն չէ հաստատած Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, հակառակ այդ կապակցութեամբ իր կատարած խոստումներուն:
Իր ուղերձին մէջ, Օպամա կրկին խուսափեցաւ «ցեղասպանութիւն» եզրէն՝ նախընտրելով հայերէն «Մեծ Եղեռն» բառը, սակայն արտայայտուեցաւ 1.5 միլիոն հայերու կոտորածին, պատմութեան հետ երես առ երես գալու եւ անցեալի փաստերը նկատի առնելով յառաջանալու մասին։ Թուրքիոյ իշխանութիւններն ու ժողովուրդը տարի մը եւս խորունկ շունչ քաշեցին «ցեղասպանութիւն» բառին չարտասանուած ըլլալուն համար, բայց Օպամայի ուղերձին մէջ միա՛յն այդ բառն է, որ չարտասանուեցաւ. 1915ի մասին միւս բոլոր բնորոշումները ներկայացուեցան նախագահի ուղերձին մէջ։
Օպամա ըսաւ հետեւեալը.
«Այսօր մենք կը նշենք Մեծ Եղեռնը՝ 20րդ դարու ամենասարսափելի գազանութիւններէն մէկուն տարելիցը, նաեւ կը յարգենք 1.5 միլիոն հայերու յիշատակը, որոնք գազանաբար սպաննուեցան կամ ստիպուեցան երթալու մահուան՝ Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն։ Երբ մենք կը խօսինք անարտայայտելի տանջանքներու մասին, զորս մարդիկ վերապրեցան 97 տարի առաջ, մենք կը միանանք աշխարհի միլիոնաւոր մարդոց, ինչպէս նաեւ այստեղ՝ Ամերիկայի մէջ, ուր այս օրը կը նշուի մեր նահանգներուն, հասատատութիւններու, համայնքներու եւ ընտանիքներու մէջ։ Մեր պարտականութիւնն է վառ պահել զոհերու մասին յիշողութեան կրակը՝ մեր գործով ու խօսքով, եւ ապահովել, որ պատմութեան այդ մութ էջերը երբե՛ք չկրկնուին։
«Ես 1915ի դէպքերուն առնչութեամբ արդէն բազմիցս խօսած եմ իմ անձնական տեսակէտին մասին։ Պատմութեան մասին իմ տեսակէտները չեն փոխուած. ամբողջական, անկեղծ ու պարզ փաստերու ճանաչում, որոնք ամբողջութեամբ կը բխին հայ ժողովուրդի շահերէն։ Կարելի չէ յառաջ ընթանալ՝ նկատի չառնելով անցեալի փաստերը։ Ամերիկա բազմաթիւ անգամներ այդպէս վարուած է իր գոյութեան ընթացքին եւ ես կը կարծեմ, որ մենք ատո՛վ ուժեղ ենք։ Կարգ մը մարդիկ արդէն կատարած են այդ համարձակ քայլը դէպի յառաջ։ Մենք կ՛ողջունենք այն հայերն ու թուրքերը, որոնք կանգնած են այդ ճամբուն վրայ, եւ կը սիրենք յուսալ, որ շատեր պիտի ընտրեն այդ ճամբան՝ իրենց եւ իմ կառավարութիւններուն աջակցութեամբ։
«Թէեւ բազմաթիւ կեանքեր խլուած են եւ երբեք պիտի չվերադարձուին, հայ ժողովուրդին ժառանգութիւնը յաղթանակի ժառանգութիւն է։ Ձեր հաւատքը, արիութիւնն ու ուժը թոյլ տուին ողջ մնալու ու բարգաւաճելու, կենսունակ համայնքներ ստեղծելու ամբողջ աշխարհին մէջ։
«Չվախնալով՝ դուք պահպանեցիք ձեր ունեցածը՝ զայն փոխանցելով սերունդէ սերունդ։ Հայազգի ամերիկացիները մեծ աւանդ ներդրած են Ամերիկայի մէջ, ինչպէս նաեւ լուրջ աւանդ՝ Հայաստանին ժողովրդավարական, խաղաղ ու բարեկեցիկ ապագայ կերտելու գործին մէջ։ Միացեալ Նահանգները հպարտ է ձեր ժառանգութեամբ եւ այն աւանդով, զոր կը ներդնէք գրեթէ հարիւր տարի առաջ տառապեալներու եւ զոհերու յիշատակը յարգելու հարցին մէջ։
«Յիշատակի այս հանդիսաւոր օրը, մենք կանգնած ենք բոլո՛ր հայերու կողքին՝ յիշելով Մեծ Եղեռնի մութ էջերը եւ յանձն առնելով Հայաստանի ժողովուրդին համար լուսաւոր ապագայի երաշխաւորումը»։
Միւս կողմէ՝ «Մարմարա» կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու տարօրինակ արտայայտութիւն մը ունեցած է, երբ իրեն հարց տրուած է նախագահ Օպամայի յայտարարութեան եւ յարակից հարցերու մասին։ Ան ըսած է. «Մեզի համար Ապրիլ 23ը եւ Ապրիլ 24ը նոյն նշանակութիւնը ունին, իսկ այսօր Ապրիլ 25 է եւ շնորհաւոր ըլլայ»։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Օպամայի խօսքերը «անհիմն» եւ «կողմնակալ» որակեց՝ դատապարտելով «միակողմանի տեսակէտներ արտայայտող յայտարարութիւնը» եւ աւելցնելով, թէ նման յայտարարութիւններ կը դժուարացնեն հայ-թրքական յարաբերութիւնները բարելաւելու ջանքերը: