ՊՈԼԻՍ.- Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը, քիւրտ գրագէտ Թայհան Ժեհատի՝ խմբագրատուն այցելութեան մասին տեղեկատուութիւնը այսպէս կը սկսի. «Երէկ խմբագրատուն այցելութեան եկան մեր ազգայիններէն տերիքցի Անդրանիկ Եոնթան ու Տերիք բնակող քիւրտ գրագէտ Թայհան Ժեհատ։ Քիւրտ գրագէտ Թայհան Ժեհատ փափաքած էր ծանօթանալ մեր խմբագրապետին հետ ու անոր նուիրել այժմ թրքերէնով ալ հրատարակուած իր վերջին վէպը՝ «Գոհար»ը, որ շատ մօտէն կը շահագրգռէ հայութիւնը»։
Ժեհատ, որ բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ է, նաեւ անդամ է Քիւրտ գրողներու միութեան, իր գիրքերուն մէջ ուսումնասիրած է երբեմնի հայաշատ Տերիքի պատմութիւնը, շատ մօտիկ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է հայերու նկատմամբ եւ ուսումնասիրած նաեւ այն մեծ ողբերգութիւնը՝ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, զոր Հայ ժողովուրդը ապրած է Օսմանեան կայսրութեան աշխարհագրութեան գրեթէ բոլոր մասերուն մէջ։ Ան հաւաքած է 1915ի ու յաջորդող տարիներուն ընթացքին հայերուն կրած տառապանքին մասին փաստաթուղթեր ու վկայութիւններ, ինչպէս նաեւ՝ պատմական լուսանկարներ։ Այս գործին մէջ անոր օժանդակած է Անդրանիկ Եոնթան։
«Հեղինակը «Գոհար» վերնագիրով այս փաստագրական վէպին մէջ, ուրիշ նիւթերու կարգին, կը պատմէ ոդիսականը Գոհար անունով հայուհիի մը, որ 1915ին առեւանգուեցաւ, տանջանքներու ենթարկուեցաւ… անոր ականջի օղերուն տիրանալու համար, օղերը վայրագօրէն քաշած-առած են՝ ականջերը պատռելու գնով, ապա զայն տուած են մամհետական ընտանիքի մը», կը գրէ «Մարմարա»։
Ըստ «Մարմարայ»ի՝ քիւրտ գրագէտ Թայհան Ժեհատ յայտնապէս մեծ սէր ու գուրգուրանք կը տածէ հայերու նկատմամբ, ու գիրքի նախաբանին մէջ կենդանի նկարագրութիւններով ցաւ կը յայտնէ, թէ հայերը հեռացան Տերիքէն ու իրենց հետ տարին նաեւ գաւառակի ու բարգաւաճութիւնը։
«Միայն գիրքին համար իր գրած նախաբանը արդէն գաղափար մը կու տայ, թէ հեղինակը ինչպիսի՞ համակրանք ունի հայերու նկատմամբ։ Շարելով Տերիքի հայերէն շատերուն անունները՝ ան կը գրէ որ այս մարդիկը իրենց արհեստներով ու իրենց ուղղամտութեամբ, Տերիքի ընդհանուր բնակչութեան համար այնքա՛ն կարեւոր էին, որքան կարեւոր են մարմինի մը հինգ զգայարանները», կը յայտնէ «Մարմարա»։
«Մենք՝ մահմետականներս, ծուլօրէն կը պառկէինք եւ ուրիշ բան չէինք գիտեր, եթէ ոչ՝ ուզել հայերու օգնութիւնը: Վառարան մը լարելու համար հայերու պէտք ունէինք, անպայման կը կանչէինք Մեքսի Էվտիքը, որ արարողական կարգով կու գար ու տուներու վառարանները կը լարէր։ Մեր կօշիկները դիմացկուն էին, որովհետեւ անոնք կը նորոգուէին հայազգի Պիրէ Արկոյին կողմէ։ Եթէ մէկու մը ձեռքը կոտրուէր կամ վիրաւորուէր, բժիշկի պէտք չունէինք… կար տերիքցի հայերէն Ճէմիլէ Ահմէտէ Կազօն, որ կերպասավաճառ ըլլալով հանդերձ, իր հաւատքին ընդառաջելով՝ գիշեր-ցերեկ առողջական ծառայութիւն կը մատուցանէր, առանց դրամ ընդունելու», կը գրէ Թայհան Ժեհատ:
«Բայց այս բոլորին փոխարէն՝ մենք ի՞նչ կ՛ընէինք», հարց կու տայ գիրքին հեղինակը ու կը պատմէ, թէ իրենցմէ շատերը շարունակ կը հայհոյէին հայերուն։
«Մեր այս բարեկամները ստիպեցինք, որ մեկնին. անոնց տուներուն վարձակալ եղանք ու այդ տուներէն չհեռացանք. ստիպեցինք, որ ձրի գնով տուները վաճառեն մեզի, բռնագրաւեցինք անոնց կալուածները ու թողուցինք, որ երթան։ Բայց անոնք, երթալու ընթացքին, իրենց հետ տարին շատ կարեւոր բան մը՝ այս տարածաշրջանին բարգաւաճութիւնը։ Մինչ մեր հայ բարեկամները առնուազն հինգհարիւր հատ ծառ կը տնկէին, մենք հիմա անոնց տնկած ծառերը կոտրելով զբաղած ենք։ Հայերու շրջանին Տերիքի մէջ ունէինք շարժապատկերի երկու սրահ, եօթը հատ օճառի գործարան, մանիֆաթուրաճըներ, գինիի գործարաններ… եւ դեռ ինչե՜ր։ Իսկ հիմա ունինք խոշոր զէրօ մը», կը պատմէ գիրքին հեղինակը։
Ան դիտել կու տայ, որ «Գոհար» վերնագրեալ վէպը կը պատմէ տերիքցի հայերուն տառապալից պատմութիւնը։ «Մարմարա» կը նշէ, թէ գիրքին մէջ յիշուած աշխարհագրական ու անձնական բոլոր անունները իրական են։ Վէպը հիմնուած է չորս գլխաւոր թեմաներու վրայ.
1- Մարտինի Տերիք գաւառակին մէջ քիւրտերու ու հայերու ընկերային, տնտեսական ու քաղաքական յարաբերութիւնները.
2- 42 տարի, պետական ուժերու կողմէ որպէս ախոռ գործածուած Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ վաճառքի պատմութիւնը.
3- Չորս-հինգ տարեկանին, Պիթլիսի մէկ գիւղէն խոյս տալով Տերիք եկած Գոհար անունով աղջկայ մը իրական պատմութիւնը.
4- Պատմութիւնը այն գաւառակներուն ու վայրերուն, ուր սպանդներ կատարուած են։
«Գոհար» վէպը հրատարակուած է «Եապա» հրատարակչատան կողմէ, իսկ թրքերէնի թարգմանուած է Շեհմուս Սեֆերի ու Մեհմետ Չաքմաքի կողմէ։