ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ապրիլեան ոգեկոչական եւ քաղաքական ձեռնարկներէն անմիջապէս ետք, Մայիսեան տօներու շրջանը պիտի սկսի, առաջինը՝ Շուշիի ազատագրութեան 20րդ տարեդարձը ըլլալով, որուն հետ միասին կը նշուի Արցախի բանակին օրը ու Երկրորդ աշխարհամարտի յաղթանակի տօնը: Ապա կու գայ Մայիս 28ը՝ Հայաստանի Անկախութեան տարեդարձի օրը:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը այս տօնական ամսուան ընթացքին ծրագրած է հանգանակային արշաւ մը, որուն գագաթնակէտը պիտի ըլլայ Մայիս 20ին կայանալիք «թելեթոն»ը:
«Թելեթոն»ի թուականը հետեւեալը կը յուշէ ինծի. Ապրիլի վերջաւորութեան, հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարի այս հանգրուանին գնահատումը պիտի կարենանք կատարել՝ յստակացնելով մեր ուժեղ եւ տկար ճակատները եւ անմիջապէս ձեռնարկելով թերութիւնները վերացնելու, Հայ Դատի յանձնախումբի ու գրասենեակներու միջոցները հարստացնելու ճանապարհներու որոնման, առաջին հերթին՝ Հայ Դատի «թելեթոն»ի յաջողութեան:
Այս գնահատումը պիտի կատարէ մեզմէ իւրաքանչիւրս: Բախտաւոր ենք, որ այս տարի մեր մտորումներուն իր ներդրումը կը բերէ նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը:
Արդարեւ, մեր ոխերիմ թշնամին, անցեալ Երկուշաբթի օր իր կառավարութեան անդամներու ընդլայնուած նիստին ընթացքին, Հայ Դատի հաշուոյն քարոզչական կարեւոր յայտարարութիւն մը կատարեց՝ վկայելով ու հաստատելով, որ Պաքուի իշխանութեանց թիւ մէկ թշնամին «հայկական լոպին» է:
Ամերիկայի տարածքին «հայկական լոպի»ն Հայ Դատի յանձնախումբերն ու անոնց ղեկավարած գրասենեակներն են: Ամերիկայի տարածքին «հայկական լոպի»ն բոլոր անոնք են, որոնք սատար կը կանգնին Հայ Դատի աշխատանքներուն:
Եկէք, Ապրիլէն ետք պատրաստուինք եւ փորձենք յուսախաբ չընել Ալիեւը… մտածենք «թելեթոն»ը աննախադէպ յաջողութեամբ պսակելու ճանապարհներու մասին, մեր մասնակցութեան մասին: