
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ» – Թեղուտի մէջ մեծ թիւով գիւղացիներ հաւաքուած են դէպի «Էյ.Սի.Փի.» ընկերութեան պատկանող գործարանը տանող ճանապարհին վրայ, եւ իրենց զայրոյթը յայտնած՝ գիւղին մէջ Ապրիլ 16ին տեղի ունեցած միջադէպին առնչութեամբ: Լուսանկարիչ-լրագրող Գագիկ Շամշեան կը յայտնէ, թէ նշեալ վայրը հաւաքուած են գիւղի բնակիչներէն 500 հոգի:
Նախապէս Գագիկ Շամշեան Թեղուտէն յայտնած էր, թէ Ապրիլ 16ին արտակարգ միջադէպ մը տեղի ունեցած է Լոռի մարզի Թեղուտ գիւղին մէջ: Գիւղի բնակիչներուն համաձայն՝ «Էյ.Սի.Փի.» ընկերութեան անվտանգութեան աշխատակիցները գիւղի տարածքին ծեծի ենթարկած են երեք անձեր, որոնցմէ մէկը՝ 24ամեայ Հրաչիկ Ղարխմազեանը, մարմնային մեծ վնասուածքներով տեղափոխուած է Երեւան:
Շամշեան նաեւ յայտնած էր, որ գիւղին մէջ իրավիճակը բաւական լարուած է. հոն ժամանած են Ալավերտիի ոստիկանութեան մեծ թիւով աշխատակիցներ՝ քննելու համար պատահարը:
Դէպքի վայր գտնուող՝ թիւ 31 ընտրատարածքին մէջ պատգամաւորութեան ՀԱԿի թեկնածու Սարգիս Թամազեան պատմած է, թէ գիւղացիները փակած են դէպի «Էյ.Սի.Փի.» ընկերութեան գործարանը հասցնող ճանապարհը եւ չեն արտօնած, որ յարակից բնակավայրերէ եկած մարդիկ գործարան հասնին: Թամազեանի համաձայն՝ ծեծկռտուքին պատճառը եղած է ծեծուած 3 գիւղացիներուն ինքնաշարժին բարձրացուցած փոշին: Ոտքի կոտրուածք ստացած գիւղացին ծեծուած է նոյնիսկ իր կնոջ ու երեխային աչքին առջեւ: Թամազեանի հաւաստիացումով, միջադէպին հետեւանքով՝ մարմնական վնասուածքներ ստացած է ընդհանուր առմամբ ոչ թէ երեք, այլ՝ հինգ հոգի:
Իբրեւ հետեւանք՝ դէպքի վայր մեկնած մարզի ղեկավարութիւնն ու իրաւապահ մարմիններու ներկայացուցիչները «Էյ.Սի.Փի.» ընկերութեան ղեկավարութեան կողմէ հաւաստիացում ստացած են, թէ մեղաւորները պիտի պատժուին: Իսկ գիւղացիները, իրենց կարգին, սպառնացած են կրկին փակել գործարանին ճանապարհը, եթէ մէկ-երկու օրուան ընթացքին խնդիրին լուծում չտրուի:
Սարգիս Թամազեան պատմած է, թէ գիւղացիներուն վրդովումը նաեւ հետեւանք է կուտակուած այլ խնդիրներու: Արդարեւ, գիւղը ունի ոռոգման եւ խմելու ջուրի չլուծուող խնդիրներ, որոնց չ՛օժանդակեր «Էյ.Սի.Փի.» ընկերութիւնը, որ նաեւ Թեղուտի նոր հանքավայրը շահագործողն է:
«Գիւղացիները հրաժարւում են հողագործութիւնից եւ անասնապահութիւնից», պատմած է Թամազեան: Վերջինիս փոխանցումով՝ գիւղացիներուն զայրոյթը կը յարուցէ նաեւ այն, որ Թեղուտի նոր հանքավայրի շահագործումը իբր թէ պիտի միտէր նոր աշխատատեղիներու ապահովման խնդիրի լուծման, սակայն, իրականութեան մէջ, աշխատատեղիներու փոքր մասը միայն բաժին կ՛իյնայ թեղուտցիներուն, իսկ մեծ մասը՝ «դրսից բերուած»: