
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Մայիս 6ին կայանալիք Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն սեմին պաշտպանութեան նախարարութեան, ԵԱՀԿ երեւանեան գրասենեակի եւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան միացեալ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած են «Նաեւ ընտրելով եմ պաշտպանում Հայրենիքս» խորագիրով ցուցապաստառներ:
Ցուցապաստառները, որոնք ընտրութիւններուն նախորդող հանգրուանին պիտի տեղադրուին զինուած ուժերու բոլոր զօրամասերուն մէջ, յստակ կերպով կ՛անդրադառնան զինուորական ծառայողներուն ընտրական իրաւունքներուն ու պարտականութիւններուն, նաեւ՝ քուէարկութեան կարգին: