
Հայաստանի մէջ երկքաղաքացիութեան օրէնքը ընդունուելէ ի վեր, որոշ փոփոխութիւններ աւելցուած են Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութեան ձեռքբերման ընթացակարգին: Նախապէս կը պահանջուէր ՀՀ Սահմանադրութեան իմացութիւն, բժշկական թուղթ, ոչ-դատուած ըլլալու հաստատագիր եւ այլն:
Այսօր Հայաստանի քաղաքացի կրնայ դառնալ ան, որ կրնայ արտայայտուիլ հայերէն լեզուով եւ ծագումով հայ է, այսինքն՝ ունի հայ նախնիներ:
Անհրաժեշտ փաստաթուղթերն են.
– Դիմում՝ ուղղուած ՀՀ նախագահին.
– Ինքնակենսագրութիւն (դեսպանատան ձեւի տեսքով).
– Ծննդեան վկայագիր եւ անձնագիր՝ իրենց պատճէններով.
– 35×45 մմ. չափով 6 լուսանկար.
– Հայկական ծագումը հաստատող փաստաթուղթ (մկրտութեան թուղթ):
Դիմումը վաւերացուելէ ետք (մէկ տարուան ընթացքին), ենթական հայկական անձնագիրը պէտք է ստանայ Հայաստանի Հանրապետութենէն: Նախապէս ընդունուած դիմումին համաձայն՝ անձնագիրը պէտք էր ստանալ 30 օրուան ընթացքին, իսկ այժմ այդ ժամանակը անսահմանափակ է, այսինքն՝ դիմումը վաւերացուելէ ետք ենթական ի՛նք կ՛որոշէ, թէ երբ կ՛ուզէ ստանալ իր անձնագիրը:
ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան իրաւաբանական բաժինէն տեղեկացուցած են, թէ 2011ին 14,276 հայ դիմում կատարած է՝ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու համար: Ամենամեծ թիւը կը կազմեն Վրաստանի քաղաքացիները (7021 քաղաքացի), ապա՝ Սուրիոյ (2983), Լիբանանի (2014), Ռուսիոյ (965) եւ Իրանի (489) քաղաքացիները: