ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թրքական «Թարաֆ» թերթի սիւնակագիր Սարտար Քայան գրած է, թէ 1918ի Թուրքիոյ խորհրդարանը աւելի համարձակ էր, քան այսօրուանը, քանի որ այդ օրերուն խորհրդարանի ազգութեամբ յոյն երեք պատգամաւորներ հարցապնդում ներկայացուցած էին «1915ին հայերու հետ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն վերաբերեալ»:
Այս նիւթին կապուած, «Քլարք» համալսարանի դասախօս, փրոֆ. Թաներ Աքչամ նոյն թերթին կողմէ տրուած հարցումին պատասխանած է՝ ըսելով, որ եթէ Թուրքիան 1915ին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները ժխտելու փոխարէն, որդեգրէ 1918-1919ին որդեգրուած կեցուածքը, ապա այդ մէկը կրնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու ուղղուած լաւ սկիզբ ըլլալ: Ան ըսած է, որ 1915ի իրադարձութիւններուն հետ կապուած՝ 1918ին պատգամաւորները 5-6 հարցապնդում կատարած են խորհրդարանի նախագահութեան:
«Հարցապնդումներուն խորհրդարանը ուղղակիօրէն չէ պատասխանած, բայց քննարկած է բարձրացուած հարցերը եւ «5րդ բաժանմունք» կոչուած ուսումնասիրման յանձնաժողով ստեղծած է», ըսած է Աքչամ:
Այս հարցապնդումներուն մասին յօդուած մը լոյս պիտի տեսնէ «Ասպարէզ»ի Ցեղասպանութեան բացառիկին մէջ: