
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Քրտական բանուորական կուսակցութեան հազարաւոր համակիրներ, քիւրտերու հարցով Թուրքիոյ վրայ ճնշում բանեցնելու պահանջով բողոքի ցոյցեր սկսած են կատարելու Սթրազպուրկ գտնուող Եւրոպական խորհրդարանի շէնքին առջեւ: Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն, Պելճիքայէն, Շուէտէն եւ Աւստրիայէն Սթրազպուրկ մեկնած քիւրտեր նաեւ կը պատրաստուին Եւրոպական խորհրդարանի շէնքին առջեւ երկարատեւ նստացոյցի մը սկսելու: Խումբ մը ցուցարարներ նաեւ հացադուլի դիմած են: Հացադուլ կատարողներուն այցելելու պահանջով, Եւրոպական խորհրդարան ուղարկուած է աւելի քան քառասուն նամակ:
Ցուցարարները Եւրոպական խորհրդարանէն կը պահանջեն, որ անիկա քիւրտերու իրաւունքները ապահովելու հարցով Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններու սկսի, եւ կը յուսան, որ եւրոխորհրդարանականներ թրքական բանտերուն մէջ պահուող հազարաւոր քիւրտերը ազատ արձակելու պահանջով յատկանշական քայլերու դիմեն Անգարայի դէմ: