ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Վերջին մէկ տարուան ընթացքին Հայաստանի մէջ արդիւնաբերական արտադրութեան ընդարձակման ու զարգացման իմաստով իր կարեւոր տեղը գրաւած է քոնեաքագործութիւնը։ 2011 թուականին քոնեաքի արտադրութիւնը կազմած է աւելի քան 55 միլիառ դրամ՝ գերազանցելով նախորդ տարուան ցուցանիշը՝ շուրջ 38 տոկոսով: Այս ընթացքը շարունակուած է նաեւ 2012ին. արդարեւ, առաջին երկու ամիսներուն արտադրուած է շուրջ 2.5 միլիոն լիթր քոնեաք, որ 43 տոկոսով աւել է նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին հետ բաղդատելով:
Հայկական քոնեաքը, ներքին շուկայէն զատ, մեծապէս պահանջուած է նաեւ տարբեր երկիրներու կողմէ՝ ապահովելով Հայաստանի ընդհանուր արտածման գրեթէ 10 տոկոսը: 2011 թուականին արտածուած է 45.6 միլիառ դրամի քոնեաք, որուն շուրջ 80 տոկոսը առաքուած է դէպի ԱՊՀ երկիրներ: Ասոր իբրեւ բնական անդրադարձ, հայաստանցի արտադրողները նպատակադրուած են զարգացնել արտածումը դէպի ասիական եւ չինական շուկաներ, ինչ որ լուրջ խթան կը հանդիսանայ տեղական արտադրութեան զարգացման։
Հայաստանի մէջ քոնեաքագործութեան ընդլայնումը կը դրսեւորուի նաեւ աշխատող մարդուժի աճով. 2011 թուականին այդ թիւը 2000 էր, նախորդ տարուան 1800ի դիմաց: Այս մէկը յատկապէս իւրայատուկ է գիւղական համայնքներուն մէջ այս մարզէն ներս աշխատողներու թիւի յաւելումով: Աչքառու աճ արձանագրուած է նաեւ աշխատանքի արտադրողականութեան իմաստով՝ շուրջ 24 տոկոս: Նշենք նաեւ, որ վերջին տարիներուն բարձրացած է նաեւ խաղողի միջին բերքատուութիւնը, ինչ որ կարեւոր է քոնեաքագործութեան համար։
Այսպիսով, իր արդիականութիւնը առանց կորսնցնելու՝ հայկական քոնեաքը կը շարունակէ հանդիսանալ Հայաստանի տնտեսութեան արտածման հսկայ եւ մրցունակ ոլորտներէն մէկը: Յառաջիկային կը նախատեսուի նախաձեռնել պետական արդիւնաբերական քաղաքականութեան, որուն ծիրին մէջ քոնեաքագործութիւնը յատուկ ուշադրութեան արժանի պիտի ըլլայ։ Ասիկա պէտք է ըլլայ հայկական քոնեաքագործութեան հեռանկարային զարգացման եւ կայունութեան երաշխիքը: