ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի արտակարգ նիստին ընթացքին հրապարակուեցաւ Հայաստանի մէջ կայանալիք ընտրութիւններուն ընթացքին Հայաստանի ընտրատարածքներուն մէջ ընտրական կեդրոններու նախագահներուն եւ քարտուղարներուն պատկերը։ Վերոնշեալ պաշտօնները պիտի բաշխուին հետեւեալ կերպով՝ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն՝ 903 յանձնաժողովի նախագահ եւ նոյնքան քարտուղար, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւն՝ 397 յանձնաժողովի նախագահ եւ քարտուղար, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն՝ 351 նախագահ եւ քարտուղար, Օրինաց Երկիր կուսակցութիւն՝ 176 նախագահ ու նոյնքան քարտուղար, իսկ Ժառանգութիւն կուսակցութիւն՝ 154ական նախագահ եւ քարտուղար:
Յանձնաժողովը նաեւ քննարկեց երկու այլ հարց։ Առաջինը կը վերաբերէր Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն ընթացքին օգտագործուելիք դրոշմակնիքներուն։ Որոշուեցաւ օգտագործել եռանկիւն կնիքներ։ Իսկ երկրորդ հարցը կը վերաբերէր Հայաստանի քաղաքացի Ռուբէն Թորոսեանի կողմէ ներկայացուած երկու դիմումներուն, որոնք մերժուած են։ Առաջինը կը վերաբերէր «Սահմանադրական իրաւունք միութիւն» կուսակցութեան դէմ վարչական վարոյթ սկսելուն: Անոր համաձայն, կուսակցութիւնը կը կատարէ քարոզչութիւն եւ հակաքարոզչութիւն։ Յետ քննարկման յանձնաժողովը միաձայնութեամբ մերժեց դիմումը: Թորոսեանի երկրորդ դիմումը կը վերաբերէր Հանրային հեռուստաընկերութեան, որ, ըստ անոր՝ օրէնքը խախտած է Հայ Ազգային Կոնգրեսի վերջին հանրահաւաքը սփռելով: Այս դիմումը եւս մերժուեցաւ։