ԷæՄԻԱԾԻՆ.- 5 Ապրիլին՝ Աւագ Հինգշաբթի օրը, Մայր աթոռ Ս. Էջմիածին Մայր տաճարին մէջ մատուցուած է Ս. պատարագ՝ ի յիշատակ մեր Յիսուս Քրիստոսի վերջին ընթրիքի եւ Ս. Հաղորդութեան խորհուրդի հաստատման: Պատարագիչն էր Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի միաբան Սիփան աբեղայ Գրիգորեանը:
Յետմիջօրէին Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցած է Ոտնլուայի արարողութիւնը:
Սուրբ գրային ընթերցումներէն ու խորհրդաւոր շարականներէն ետք, վեհափառ հայրապետը ընթերցած է Յովհաննէս Պլուզ վարդապետի «Սիրոյ մասին» խրատը, ապա խաչով ու Աւետարանով օրհնած է խորանին վրայ դրուած ջուրը եւ իւղը: Այնուհետեւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը, Յիսուս Քրիստոսի օրինակով ծունկի գալով, լուացած եւ իւղով օծած է տասներկու հոգեւորականներու եւ ճեմարանականներու ոտքերը:
Արարողութեան աւարտին օրհնուած իւղը բաժնուած է հաւատացեալներուն։