«Հայ մայրեր եւ դուստրեր» կազմակերպութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ այս տարի եւս, 8րդ տարին ըլլալով, պիտի մասնակցի «Ռեւլոն»ի կազմակերպած եւ կանացի քաղցկեղներու համար դրամահաւաքի նպատակով կատարուող տարեկան 19րդ վազք-քայլարշաւին, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Մայիս 12ին:
Արձանագրուելու կամ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.revlonrunwalk.com համացանցային կայքը՝ նշելով, եթէ կ՛ուզէք մաս կազմել «Armenian Moms & Daughters» խումբին: