
Ընդառաջելով ստացուած զանազան դիմումներու՝ ՀՕՄի միջազգային երրորդ նաւապտոյտին վերաբերեալ, Յունիս 30էն Յուլիս 14, յաւելեալ սենեակներ ապահովուած են կարճ ժամանակի մը համար: Նաւապտոյտին մասնակցելով սքանչելի ժամանակ անցնել փափաքողները կրնան իրենց սենեակները ապահովելու համար այցելել http://ars1910.org համացանցային կայքը:
Նաւապտոյտը ճամբայ պիտի ելլէ Անգլիոյ Սաութհեմփթըն քաղաքէն, պիտի այցելէ Ճիպրալթար, Ֆրանսա, Իտալիա, Սպանիա, Փորթուկալ եւ պիտի վերադառնայ Անգլիա: Մասնակցութեան սակը կը սկսի 1792 ամերիկեան տոլարէն ու կը հասնի մինչեւ 2914 տոլարի՝ իւրաքանչիւր ճամբորդի համար: Նաւային ընկերութեան կազմակերպած հաւաքներէն անկախ, ՀՕՄը նաւապտոյտի ընթացքին պիտի կազմակերպէ հայկական խնճոյքներ ու այլ ձեռնարկներ: