
ՖՐԵԶՆՕ, «Հայ Շարժում».- Ընդհանրապէս ցեղասպանութիւնները եւ յատկապէս Սուտանի Տարֆուր շրջանի ցեղասպանութիւնը լուսարձակի տակ առնելու նպատակով, խումբ մը գործիչներ մէջտեղ բերած են «Տարֆուրի ճամբար» շարժումը, որ Միացեալ Նահանգներու տարբեր շրջաններ այցելելով՝ կը փորձէ այդ հարցին շուրջ քննարկումներ հրահրել:
Երկուշաբթի, Մարտ 5ին, «Տարֆուրի ճամբար»ը հանգրուանած է Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ, ուր Տարֆուրի ցեղասպանութեան կողքին, քննարկումներ տեղի ունեցած են Հայկական Ցեղասպանութեան, Հրէական ողջակիզման, ինչպէս նաեւ Քամպոտիոյ, Ռուանտայի եւ Պոսնիոյ ցեղասպանութեան մասին: Համալսարանի Հայ ուսանողական միութիւնը գործօն մասնակցութիւն բերած է այս ձեռնարկին՝ «ճամբար» բերելով Ծիծեռնակաբերդի Ցեղասպանութեան յուշարձանին մանրակերտ մէկ օրինակը, որուն առջեւ յարգանքի ծաղիկներ դրուած են ուսանողներուն կողմէ: