ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Եւրոպացի պատգամաւորը Չորեքշաբթի, Ապրիլ 4ին, Ատրպէյճանի խորհրդարանին մէջ ցնցած է երկրին կառավարութիւնը՝ անոր ապագային մասին կանխատեսումներ կատարելով: Ատրպէյճանական «Ազատլըք» թերթին համաձայն՝ Պաքուի մէջ կայացող «Եւրոնես»չի խորհրդարանական վեհաժողովի նիստերէն անմիջապէս առաջ, որոնք տեղի կ՛ունենային Ատրպէյճանի խորհրդարանին մէջ, վեհաժողովի պուլկարացի համանախագահ Քրիսթիան Վիկենին Պաքուն գնահատած է իբրեւ «յեղափոխութեան համար հիանալի վայր»: Տեսնելով, որ իր շուրջ պատգամաւորներու մեծ բազմութիւն հաւաքուած է, Վիկենին աւելցուցած է. «Ի՞նչ կ՛ըլլայ Ատրպէյճանի մէջ: Կարծես հոս յեղափոխութիւն տեղի պիտի ունենայ: Ատրպէյճանի վիճակը բոլորին յայտնի է աշխարհի տարածքին»: Անոր մօտ գտնուող շուրջ 20 պատգամաւորներ ծափողջոյններով ողջունած են այս յայտարարութիւնը:
Ապա, Վիկենին հրապարակած է ժողովին օրակարգը, իսկ վեհաժողովի անդամները քննած են կառոյցի անդամ երկիրներուն մէջ արտայայտուելու ազատութեան ապահովման եւ հասարակական կառոյցներու զարգացման վերաբերեալ վեհաժողովին ներկայացուած զեկոյցները:
Վիկենին նաեւ ընդգծած է, որ Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացը արդէն իսկ 20 տարիներէ ի վեր կը ձգձգուի եւ ժամանակը եկած է անոր արդար լուծումը գտնելու՝ միաժամանակ աւելցնելով, որ հիմնահարցի կարգաւորման խնդիրը կարելի չէ քննել «Եւրոնես»չի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ: «Մենք հոս չենք կրնար քննարկել ու լուծումներ առաջարկել այս հարցին շուրջ, սակայն պարտաւոր ենք փոխադարձ յարգանքի ու փոխվստահութեան մթնոլորտ ստեղծել «Եւրոնես»չի մէջ գտնուող երկու կողմերու պատուիրակութիւններուն միջեւ», նշած է ան՝ աւելցնելով, որ հակամարտութեան խաղաղ բանակցային գործընթացի աշխատանքները պէ՛տք է իրականացուին միայն ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի շրջանակներուն մէջ: