ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոստի Արմէնիա».– 4 Ապրիլին Երեւանի մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Էրաթօ Քազաքու-Մարկուլիս նշած է, թէ պէտք է ամէն ինչ ընել, որպէսզի հայ ժողովուրդին դէմ կատարուած ոճիրը միջազգային ճանաչում ստանայ։
«Ասիկա Հայաստան տուած իմ առաջին այցելութիւնս է եւ ես մեծապէս տպաւորուած եմ։ Այս օրերուն ունեցած հանդիպումներէս բացի, այցելած եմ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրը։ Շատ յուզուեցայ հոն՝ տեսնելով այդ բոլորը եւ լսելով կատարուածին մասին։ Մեր երկու ժողովուրդներն ալ պատմութեան ընթացքին ունեցած են մեծ ողբերգութիւններ եւ դառն փորձառութիւններ», ըսած է նախարարը։
Սարգսեանն իր կարգին ընդգծած է այն, որ հայ ժողովուրդը Կիպրոսը կը նկատէ բարեկամ պետութիւն, կիպրացիներ՝ եղբայրներ. ան նաեւ նշած է, որ Հայաստան հետամուտ է երկու երկիրներու յարաբերութիւններու մնայուն ամրապնդման։
«Ոչ միայն անցեալում, այլ նաեւ ներկայում մենք ունենք բազմաթիւ հետաքրքրութիւններ եւ մեծ աշխատանք ունենք կատարելու: Մենք պատրաստ ենք այդ աշխատանքն իրականացնելու», ըսած է նախագահը։
Հանդիպումին ընթացքին կարեւոր նկատուած են ո՛չ միայն երկու երկիրներուն կապերը, այն անոնց միջեւ համագործակցութիւնը եւրոպական կառոյցներուն մէջ տարուած գործունէութեան ծիրին մէջ։