– Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը արգիլած է քիւրտերուն նշել ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած քիւրտ ղեկավար Ապտուլլահ Օչալանի 63րդ տարեդարձը: Օչալան Ապրիլ 4ին ծնած է Ուրֆա: Նախարարութիւնը յաւելեալ 5 հազար զինուորներ եւ ոստիկաններ տեղակայած է Ուրֆայի մէջ, այս արգելքը պարտադրելու նպատակով՝ միաժամանակ ազդարարելով, թէ Օչալանի ծննդեան օրուան կապակցութեամբ որեւէ արարողութեան մասնակիցները պիտի դատապարտուին իբրեւ «ահաբեկչական» կազմակերպութեան հրահանգներ գործադրողներ:
– «Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, թէ եուրօ գործածող գօտիին մէջ անգործութեան համեմատութիւնը Փետրուարին բարձրացած է 10.8 առ հարիւրի, ինչ որ միացեալ դրամանիշի որդեգրումէն ետք՝ բարձրագոյնն է: Անգործութեան բարձրագոյն համեմատութիւնը արձանագրուած է Սպանիոյ մէջ (23.6): Փորթուկալի մէջ այդ համեմատութիւնը 15 առ հարիւր է, Ֆրանսայի մէջ՝ 10 առ հարիւր, իսկ Իտալիոյ մէջ՝ 9.3 առ հարիւր: Անգործութեան նուազագոյն համեմատութիւնները արձանագրուած են Աւստրիոյ (4.2), Հոլանտայի (4.9) եւ Գերմանիոյ (5.7) մէջ: Նաեւ, 15էն 24 տարեկաններուն մօտ անգործութեան համեմատութիւնը 31.9 առ հարիւրի հասած է:
– Ապրիլ 3ին, գրեթէ միաժամանակ, չորս պայթումներ տեղի ունեցած են Պոլսոյ մէջ. անոնցմէ մէկը՝ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան գրասենեակին առջեւ: Պայթումները նիւթական վնասներ պատճառած են, սակայն վիրաւորներ կամ զոհեր չեն արձանագրուած:
– «Հարվըրտ» եւ Թորոնթոյի համալսարաններէն խումբ մը հնագէտներ հասած են այն եզրակացութեան, որ մարդ արարածի նախահայրերը շուրջ 1 միլիոն տարի առաջ առաջին անգամ ըլլալով կրակ գործածած են՝ հիմնուելով Հարաւային Ափրիկէի մէկ քարայրին մէջ յայտնաբերուած օջախներու հետքերուն վրայ: Այս եզրակացութիւնը 300,000 տարիով ետ կը մղէ կրակի առաջին գործածութեան թուականը: