ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Աւելի քան երեսուն տարիներ անցած են Սեպտեմբեր 12, 1980ին տեղի ունեցած զինուորական յեղաշրջումէն, որուն ձեռնարկած էին այդ օրերու սպայակոյտի պետ զօր. Քենան Էվրեն ու անոր գաղափարակիցները: Յեղաշրջումին հետքերը մինչեւ այսօր տեսանելի են, իսկ անոր գլխաւոր կազմակերպիչներէն միայն երկուքը ողջ կը մնան. անոնք են՝ նախկին նախագահ Էվրեն ու այդ շրջանի օդային ուժերու հրամանատար Թահսին Շահինգայա։
Այս երկուքը Ապրիլ 4ին դատարանի դիմաց պիտի կանգնին՝ դատուելու համար զինուորական յեղաշրջումին մէջ իրենց ունեցած դերին պատճառով։ Այս մէկը կարեւոր անկիւնադարձ մըն է Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութեան մէջ։ Երկու անձնաւորութիւններ, որոնք որոշ ժամանակամիջոցի մը համար երկրի ամէնէն բարձր խաւերուն վրայ տիրապետեցին ու շատերու կողմէ ծափահարուեցան, այժմ դարձած են ամբաստանեալներ։ Յայտնի չէ, թէ անոնք ներկայ պիտի գտնուի՞ն դատարան, թէ ոչ, որովհետեւ կ՛ըսուի, թէ երկուքն ալ հիւանդ են։ Եթէ չկարենան ներկայ գտնուիլ, ապա անոնց հարցաքննութիւնը պիտի կատարուի հեռակայ կարգով: Մեծ է թիւը անոնց, որոնք ուզած են գանգատ ներկայացնել ամբաստանեալներուն դէմ։ Բացի զոհերու ընտանիքներէն, քաղաքական կուսակցութիւններ ու կազմակերպութիւններ կ՛ուզեն այս հետաքրքրական դատավարութեան մէջ միջամուխ ըլլալ ու պահանջատէրի դիրք գրաւել։ Ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը կը գտնուի առաջին գիծի վրայ, նկատի ունենալով, որ կուսակցութիւնը այդ շրջանին փակուեցաւ, կուսակցապետները բանտ նետուեցան եւ կուսակցութեան ինչքերուն վրայ ձեռք դրուեցաւ։
Արդէն իսկ որոշուած է բոլոր ցուցատախտակներէն ու հաստատութիւններու ճակատէն սրբել անունները անոնց, որոնք միջամուխ եղած են զինուորական հարուածներու կամ քաղաքական միջամտութիւններու։ Մամուլը դիտել կու տայ, որ չկայ նահանգ մը, ուր Էվրենի անունով դպրոց մը կամ պողոտայ մը չգտնուի։