ԿԱՐՍ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութիւնը վերանորոգած է եւ կրօնական արարողութիւններու համար բացած է Հայաստանի պատմական մայրաքաղաք Անիի մէջ գտնուող միակ «մզկիթը», որ թուրքերու կողմէ կը համարուի Անատոլիոյ մէջ առաջին թրքական մզկիթը:
Անիի հարաւարեւելեան դարպասին մօտ գտնուող աշտարակն ու անոր կից կառոյցը իրականութեան մէջ կառուցուած են իբրեւ դիտակէտ:
Թրքական «Զաման» թերթը գրած է, թէ Կարսի նահանգապետ Ահմետ Քարա լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է, թէ «հաւատացեալ զբօսաշրջիկներուն համար պիտի բացուի պատմական «Մետաքսէ ճանապարհ»ին վրայ գտնուող առաջին քաղաք՝ Անիի մէջ, Ն.Ք. 5000 թուականներուն կառուցուած «Էպուլ Մանուչեր» մզկիթը», առանց հաշուի առնելու այն իրողութիւնը, որ իսլամութիւնը յառաջացած է 7րդ դարուն: