ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ զինուած ուժերը լայնածաւալ ռազմափորձերու սկսած են Միջերկրական ծովուն մէջ. այս մասին Երեքշաբթի, Ապրիլ 3ին հաղորդած են թրքական լրատուամիջոցները:
Թրքական ծովուժերու կողքին, «Անատոլիական արծիւ» կոչուող ռազմափորձերուն կը մասնակցին նաեւ Ինճիրլիքի ռազմական խարիսխին (Ատանա) տեղակայուած ՆԱԹՕի ուժերը:
Կը նշուի նաեւ, որ թրքական կողմը այդ ռազմափորձերը կազմակերպած է ի պատասխան Միջերկրական ծովի արեւելեան հատուածին մէջ Իսրայէլի, Յունաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու ռազմական ուժերու մասնակցութեամբ կայացող համատեղ ռազմափորձերուն: