
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հրաւէրով, 3-4 Ապրիլին պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան կը գտնուի Ֆինլանտայի արտաքին գործոց նախարար Էրքքի Թուօմիոճան:
Այցելութեան ծիրին մէջ ան հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի նախագահին եւ Ազգային ժողովի նախագահին հետ։
4 Ապրիլին պիտի կայանան Հայաստանի եւ Ֆինլանտայի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ բանակցութիւններ, որոնց պիտի յաջորդէ միացեալ մամլոյ ասուլիս։
Էրքքի Թուօմիոճան նաեւ պիտի այցելէ Ծիծեռնակաբերդ ու ծաղկեպսակ պիտի զետեղէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։